Ինչո՞ւ կարգ մը հայեր կը փոխեն իրենց մականունը, անունը կամ անունն ու մականունը, իսկ ուրիշ հայեր՝ ոչ: Նպատակը ազգութիւնը ծածկե՞լն է թէ աւելի հնչեղ անուն մը որդեգրելը, չեմ գիտեր: Պէտք է հարցնել:
Անունին կամ մականունին դժուարութիւնը հարց չէ. կա՞յ աւելի դժուար հնչելի-գրելի մականուն, քան Փաթափութեանը…
Գարագոչեանը վերածուեր է Գոնդիի. պարզապէս կարճ ճամբով մը որդեգրելով ամուսնին՝ դիւանագէտ Մարսէլ Գոնդիի մականունը. անունը արդէն օտար է՝ Անիթա: Ծննդավայրն ալ ո՛չ Հայաստանն է, ոչ ալ Արեւմտահայաստանը, այլ՝ Ֆրանսան:
Կ’երեւի թէ -եան-ը եւ ովկիանոսագէտի մասնագիտութիւնը շատ անյարիր են իրարու, մանաւանդ որ մենք բնաւ ծով ունեցած չենք, թէեւ «ծովից ծով Հայաստան»-ի երազը ունեցեր ենք: Ունի՞նք տակաւին այդ երազը, այդ ալ յստակ չէ: Պէտք է հարցնել:
19-րդ դարը վերջանալէն անմիջապէս առաջ, այս հայ աղջնակը՝ Անիթա Գարագոչեանը աճապարեր է ծնիլ 1899-ին եւ յետոյ դառնալ առաջին կին ովկիանո-սագէտը:
Կ’ըսուի թէ առաջին կին ովկիանո-սագէտը ամերիկուհի մըն է՝ Սիլվիա Ալիս Ըրլ, որ ծներ է 1935-ին, Ամերիկա:
Առաջի՞ն: Անիթա Գոնդին Սիլվիա Ալիս Ըրլի ծնած տարին արդէն նաւերու վրայ էր եւ հետազօտական այցելութիւններու կ’երթար Ափրիկէէն մինչեւ բեւեռ: 1935 թուականին Ֆրանսայի ձկնորսութեան իշխանութիւնները պաշտօնապէս հրաւիրած են Անիթա Գոնդին, ձկնային պաշարներու գնահատման հետազօտու-թիւններ կատարելու համար:
Բայց ինչպէս ամէն բանի մէջ, ամերիկացիք այստեղ եւս կը ցուցադրեն «ստորակայութեան բարդոյթ»-էն ծնած «առաջինը» ըլլալու իրենց մարմաջը…
1941 թուականէն Գոնդի տասը տարի ապրեր է Սենեկալի եւ Գոթ տ’Իվուարի մէջ, հետազօտութիւններ ընելով, որովհետեւ ունէր ազնուագոյն նպատակ մը՝ բնիկները սովէն փրկել, միաժամանակ ֆրանսական զօրքերը կերակրել:
Գոնդի առաջին անձն էր, որ ահազանգ հնչեցուցած է՝ «Ծովերը սպառնալիքի տակ են»:
Իր համոզումներն ու ահազանգները Գոնդի հաստատեր է նախ լուսանկարներով, ապա՝ գիրքերով, մանրամասնօրէն նկարագրելով կեանքը ձկնորսական եւ հետազօտական նաւերու վրայ, ապա նկարագրելով ծովերու եւ ովկիանոսներու վիճակը:
Իր կեանքին 98 տարիներուն կէսէն աւելին Անիթա Գոնդի անցուցեր է ծովերուն վրայ, իրաւամբ նուաճելով «ծովերու տիկին» տիտղոսը. ինծի համար սակայն ան կը մնայ «Ծովերու Թագուհին»:
2025 թուականին Սպանիոյ Ֆրայըր քաղաքի նաւաշինարարական կեդրոնին մէջ օգտագործումի յանձնուեր է Անիթա Գոնդի անունը կրող հետազօտական նաւը, Ֆրանսայի Ովկիանոսային Գիտութիւններու Ազգային Ինստիտուտին համար (IFREMER)
Ես- Տիկին Գարագոչեան…
Անիթա Գոնդի- Օրիորդ Գարագոչեան եմ, բայց տիկին Գոնդի…
Ե- Տիկին Գոնդի, ովկիանոսագէտ, նաեւ գրագիտուհի եւ լուսանկարչուհի, ինչպէ՞ս:
ԱԳ- Երբ բնութեան մէջ ես, մանաւանդ՝ ովկիանոսներու մէջ, բնութիւնը այնքան կը գրաւէ, կը հմայէ, կը տպաւորէ քեզ, որ կ’ուզես այդ բոլորը պահել. այդպէս սկսայ լուսանկարել, տեսածներս պահելու համար. յետոյ տեսայ, որ այդ բոլորին մէջ մեծ տեղ ունին ապրումներս, յուզումներս, երբեմն նաեւ բարկութիւնս, երբ կը տեսնեմ թէ ի՜նչ անփութութեամբ մարդ արարածը կը վերաբերի ովկիանոսներուն եւ ծովերուն… այդ բոլորը արտայայտելու համար պէ՛տք էր նաեւ գրէի…
Ե- Ինչպէ՞ս դարձաք ովկիանոսագէտ:
ԱԳ- Սկիզբը ովկիանոսը բնութեան մաս կազմող տարր մըն էր ինծի համար. հմայուած էի, որովհետեւ իր ալիքներուն շնչառութեամբ կենդանի կը թուէր ինծի. երկա՜ր կը դիտէի, յետոյ անդրադարձայ որ ջրային այդ հսկայ տարածքները «հիւանդ» են:
Ե- Հիւա՞նդ…
ԱԳ- Անշո՛ւշտ հիւանդ, երբ մարդիկ կը շարունակեն անմիտ կերպով օգտագործել ծովերը եւ ովկիանոսները, որոնք սնունդի եւ կլիմայական կայունութեան տարրեր են:
Ե- Եւ ի՞նչ ըրիք:
ԱԳ- Նախ սկսայ նկարել, երկու պատճառով՝ լուսանկարներուն ազդեցութիւնը անմիջական է դիտողին վրայ, եւ երկրորդ՝ տակաւին համբերանք չունէի գրելու:
Ե- Ե՞րբ սկսաք գրել:
ԱԳ- Աւելի ուշ, երբ անդրադարձայ, թէ լուսանկարները թէեւ անմիջականօրէն կ’ազդեն դիտողին վրայ, երբեմն սակայն մարդիկ
կը տեսնեն ա՛յն ինչ որ կ’ուզեն տեսնել, եւ ոչ՝ ինչ որ ես ցոյց կու տամ: Գիրը պէ՛տք էր, մանրամասնութիւնները յստակացնելու համար:
Ե- Դուք առաջին անձն էք, որ ահազանգ հնչեցուցեր է՝ «Ծովերը սպառնալիքի տակ են»…
ԱԳ- Տասը տարի՝ 1941-1951 ապրեցայ Սենեկալի եւ Գոթ տ’Իվուարի մէջ, հետազօտութիւններ ընելով. չես պատկերացներ նաւաստիներուն կեանքին բրտութիւնը, բնիկներուն խեղճութիւնը, մանաւանդ անոնց անգիտութիւնը բան մը ընելու, կացութիւնը փոխելու համար:
Ե- Կրցա՞ք բան մը ընել:
ԱԳ- Կրցա՛յ պարզապէս անոր համար, որ ֆրանսական պետութեան բարձր պաշտօնեայ էի որպէս գիտաշխատող. այլ խօսքով՝ լծակներ ունէի բան մը ընելու, շարժելու, փոփոխութիւն բերելու համար:
Ե- Ինչո՞ւ ձեր Գարագոչեան մականունը ամբողջովին վերցուցեր էք ձեր անունին վրայէն:
Պահ մը կը լռէ, փակ նայուածքով. չեմ հասկնար՝ հարցումս վիրաւորե՞ր է զինք, թէ՞ նոր է որ կը մտածէ այդ մասին:
ԱԳ- Երբ ամուսնացայ, ամէն մարդ սկսաւ զիս Մատամ Գոնդի կանչել. կարծես լաւ կը հնչէր՝ Անիթա Գոնդի. այդպէս ալ մնաց. դիտումնաւոր չէր, կարծեմ…
Ե- Ձեր հայկականութիւնը որեւէ դեր ունեցե՞ր է ձեր կեանքին մէջ:
Կրկին կը լռէ. այս անգամ յստակ է, որ բնաւ չէ մտածած այս հարցումին մասին:
ԱԳ- Մայրս հայ չէր… մեր տան լեզուն ֆրանսերէնն էր…
Ե- Կ’երեւի գիտութիւնը ազգէն անդին կը կենայ ձեզի համար, այդպէ՞ս է…
Կը լռէ: Կարծես այդ մասին ալ բնաւ չէ մտածած: Նիւթը կը փոխեմ, զինք չանհանգստացնելու համար:
Ե- Որդեգիր մանչ մը առեր էք. չմտածեցի՞ք հայ մանչ մը որդեգրել…
ԱԳ- Որդեգրելու մասին բնաւ չէի մտածեր, որովհետեւ երբ հանդիպեցայ Լորանին, ինք արդէն երեսուն տարեկան էր, իսկ ես՝ իրմէ կէս դար մեծ էի. որեւէ պահու կրնայի հեռանալ այս կեանքէն. այդ պարագային ի՞նչ պիտի ըլլար աշխատանքս. ասիկա՛ էր զիս մտահոգողը եւ ոչ թէ զաւակ մը ունենալու մարմաջը…
Ե- Ճիշդ ալ ըրեր էք, որովհետեւ մինչեւ այսօր Լորան Ժիրոն, որ յետոյ ինքզինք Լորան Ժիրո-Գոնդի կոչեց (Laurent Girault-Conti), կը շարունակէ ձեր աշխատանքը դասախօսութիւններով, ցուցահանդէսներով, յօդուածներով եւ կենսագրական թէ ինքնակենսագրական հրատարակութիւններով: Բայց ինչո՞ւ զինք ընտրեցիք որպէս որդեգիր:
ԱԳ- Որովհետեւ շատ նման էր ինծի ծովուն հանդէպ իր անսահման սիրով եւ խորունկ մտահոգութեամբ: Ինքն էր, անշուշտ գիտե՛ս, որ իմ թելադրութեամբս լուսանկարներուս հաւաքածոն (որոնց թիւը 50 հազարէն աւելի է) եւ ամբողջ արխիւս նուիրեց Լորիան քաղաքին (Lorient, France):
Ե- Կարծեմ երկու գիրք գրեր է Լորանը ձեր մասին, այնպէս չէ՞:
ԱԳ- Այո՛, Anita Conti et la Bretagne եւ Haute mere գիրքերը: Այդ առումով շատ գոհ եմ Լորանէն:
Ծովից ծով Հայաստան երազող եւ ծով չունեցող ազգ իմ, որ ովկիանոսագէտ իսկ տուեր ես աշխարհին… Զարմանալի ազգ…
Մարուշ Երամեան