Մանկան ճիչը զիլ
որ մօր կաթը կ’ուզէ
աւազին վրայ
կը խլացնէ զիս…
Կոյսը Եփրատի ալիքը կը գրկէ
կառչած պատմութեան դարպասին վրայ…
Մայրը զաւակը գրկած կը վազէ
տունն է բռնկուած
փրկութիւնն խռովուած մեկնած է արդէն…
Ծերը ծիրանի ճիւղին է յենած
ծոռը իր գրկին
Լեռան խորշերու որջը կ’որոնէ…
Թոնիրը ցախէն որբացած է լուռ…
Գերանները կուռ մթութիւն գրկած…
Խունկը եթերին հետ է խռոված…
Իսկ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ լուռ կ’ողբայ, կ’ողբայ…
Ի տես ալիքի բեկման
դարաւոր իր զաւակներու
որոնք արմատներէն անջատուած
կ’երթան…
Ցեղասպանութիւն չէ՜ այս
Ո՛չ ալ աղէտ է…
Միայն եղեռն չէ՜… –
ԱԶԳԱՍՊԱՆՈՒԹԻ՛ՒՆ Է
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՉՆՉԱՑՈ՛ՒՄՆ Է…
Զաւակունք Հայկի,
Վեհ Արտաշէսի՝
Մեր Հայոց Լեզուն կուռ խարսխողի,
Եռամեծ սուրբի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի
Որ երկնաբոյրով բարբառդ օծեց…
Խոնարհ ազգակունք Մեծն Հայրիկի
Որ վեհ բազուկիդ «Շերեփ» շնորհեց…
Զաւակունքդ հողի՝
ընդհատուած կանչի արձագանգողներդ,
զոհաբերութեան լոյսով օծուած՝
Ֆետայիներու ոգին ժառանգող,
Ցեղ մը չէին, որ իր վախճանին կ’երթար
Այլ Ազգ մը համայն
որ կուրծքը տուած
ազգասպանութեան մոլուցքին դժխեմ
իր անէացման ճամբան էր բռնած…
Իսկ դարը, դարը անտարբեր, գնաց…
Բայց ԴՈ՛ՒՆ… ՄՆԱՑԻ՜Ր…
Դեռ պիտի մնա՛ս
երկրիդ ներկայո՛վ եւ ապագայո՛վ…
Դուն պիտի ԱՊՐԻ՛Ս՝
Մէջդ կուտակած պատմութեան շունչով
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
Էութեանդ կուռ արմատներովը
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
Պատմութեանդ յոյժ երազանքովը
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
Վերականգնելու պապերուդ Տունը
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
Գալիքի՛ն համար
Դուն պիտի ԱՊՐԻՍ
Յաւերժի ջահը միշտ բարձր բռնած
Որ լուսաւորես
Ճամբան յաւերժի…
Ապրիլէն՝ ԱՊՐԻ՛Լ՝
Ահա պատմութեան
Ե՛Ւ ԱՆՁՆԱԳԻՐԴ
Ե՛Ւ ԱՆՑԱԳԻՐԴ…
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 24, Ամիս՝ Ապրիլ, Տարի՝ 2026
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Ասակ, Ամիս՝ Ահեկան, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517)
Հրանդ Մարգարեան