Եւրոպական խորհրդարանի «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւը երեք առանցքային բաժին ունի: Առաջինը կը զօրակցի Արցախի ժողովուրդին, վերահաստատելով Եւրոպայի խորհրդարանի անդամ պետութիւններուն աջակցութիւնը Արցախի հայերու իրաւունքներուն, որոնք կը վերաբերին անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքին՝ համապատասխան միջազգային երաշխիքներու տակ:
Բառացի՝ «Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ’ուղղէ պատասխանատուութեան ենթարկելու հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման համար պատասխանատուները եւ իրականացնելու միջազգային գնահատման առաքելութիւն: Կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ հայ պատերազմական գերիներու, պահուող անձերու եւ պատանդներու անարդար կալանաւորումը, կը պահանջէ անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, կոչ կ’ուղղէ իրականացնելու վստահութեան ամրապնդման լրացուցիչ քայլեր, լիարժէքօրէն յարգելու միջազգային մարդասիրական օրէնքը եւ մարդու իրաւունքները»:
Այստեղ միայն մեղադրանք, քննադատութիւն չէ, որ կ’արձանագրուի: Յատկապէս մշակութային ցեղասպանութեան ուղղութեամբ կայ դատապարտում եւ պահանջք պատասխանատուութեան ենթարկելու, այլ խօսքով՝ քրէականացնելու Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները:
Բնականաբար այս բանաձեւը պարտադիր բնոյթ չունի: Գործադիր իշխանութիւն չէ Եւրոպական խորհրդարանը: Այս օրերուն Երեւանի մէջ գումարուող Եւրոպական Միութեան քաղաքական համայնքի վեհաժողովէն յայտնաբար պիտի չբխի նման դիրքորոշում: Այնուամենայնիւ համաեւրոպական դիրքորոշումի եւ ոչ միայն իր անդամ պետութիւններուն, այլ նաեւ տարբեր ուղղութիւններով ուղերձ է, որ Պրիւքսէլը կ’ուղարկէ այս ձեւով: Այդ ուղերձը շատ արագ հասած է Պաքու, որ որոշած է դադրեցնել իր յարաբերութիւնները Եւրոպական խորհրդարանին հետ: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր, այս առիթով, Եւրոպական Միութեան դեսպանը:
Երկրորդ առանցքը կը վերաբերի Պրիւքսէլ-Երեւան համագործակցութեան խորացման: Նշենք, որ բանաձեւի ընդունումը կը համընկնի Երեւանի մէջ գումարուող Եւրոպական Միութեան քաղաքական եւ Պրիւքսէլ-Երեւան երկու վեհաժողովներուն: Ուղենշային բաժին ունի բանաձեւը, երբ կ’ողջունէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ստեղծումը եւ կոչ կ’ուղղէ ուժեղացնելու Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը՝ ռազմավարական հաղորդակցութեան, մետիագրագիտութեան, համացանցային անվտանգութեան ոլորտին մէջ կարողութիւններու զարգացման եւ առցանց հարթակներու հետ կառուցուածքային համագործակցութեան միջոցով:
Հիմա գանք երրորդ բաժինին, որ կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ Եւրոպական ներկայութեան հաստատման եւ այդ շրջածիրին մէջ ռուսական գործօնին նկատմամբ կիրարկուող քաղաքականութեան:
Այսպէս. բանաձեւի խորագիրին ձեւակերպումը, առանց ուղղակի հասցէագրումի, ուղղուածութիւն ունի՝ «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան»:
Կը հասկցուի այնպէս, որ Ժողովրդավարութեան համար դիմակայունութեան պայքար կայ Երեւանի մէջ, որուն այս ձեւով կ’աջակցի Եւրոպական խորհրդարանը: Տարածաշրջանի քաղաքական իրադարձութիւնները նկատի ունենալով բնականաբար կը մտապատկերուի, որ Եւրոպան այս կերպով Մոսկուան նկատի ունի իբրեւ Հայաստանի ժողովրդավարութեան սպառնալիք. հետեւաբար պէտք է աջակցիլ Երեւանին՝ իր ժողովրդավարութեան հաստատման պայքարին մէջ:
Շարունակենք: Կայ աջակցելու յորդոր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ խառնածին յարձակումներուն դիմակայելու ընթացքին: Նախորդ յայտարարութիւնները նկատի ունենալով պարզ է, որ Մոսկուային ուղղուած է Հայաստանի դէմ խառնածին յարձակումներու գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը: Աւելի յստակ յայտարարութիւն կատարուած էր նախապէս եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին կողմէ. «Այն, ինչ որ ըրինք Մոլտովայի համար, պիտի ընենք նաեւ՝ Հայաստանի»: Այս յայտարարութիւնը դժուար կը համատեղուի հիմա Երեւանէն ակնկալուող նոյն բանաձեւով, դիմակայելու արտաքին միջամտութիւնները Հայաստանի ընտրութիւններուն:
Այս անուղղակի ակնարկները ուղղակի դարձած են բանաձեւի հետեւեալ բաժինին մէջ. «Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն
կը դատապարտէ ՖԻՄԻ-ն, ապատեղեկատուական արշաւները եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած այլ խառնածին սպառնալիքները, յատկապէս՝ Ռուսիայէն եւ անոր գործակատարներէն բխող, ներառեալ համացանցային յարձակումներու, ապօրինի քաղաքական ֆինանսաւորման եւ ներքին դերակատարներու, ներառեալ սակաւապետական ցանցերու օգտագործումով այս սպառնալիքներու ուժեղացումը»:
«Յատկապէս Ռուսիայէն» վերագրումը, քաղաքական տրամաբանութեամբ կը բացատրէ այս բանաձեւի քուէարկութեան բուն շարժառիթը, յունիսեան ընտրութիւններու նախօրեակին:
Բանաձեւի քաղաքական ընթերցումը կատարելով, լաւապէս ըմբռնելով հանդերձ եւրոպական հայեցակէտերը, բանաձեւի ընդունման ընտրուած պահը եւ բուն շարժառիթները, այդուհանդերձ կայ յստակ բաժին, որուն վրայ պէտք է կեդրոնանայ հայ պետական-քաղաքական գործօնը՝ Ատրպէյճանի դատապարտումի եւ քրէականացման պահանջ, կանխարգիլելու համար Արցախի մշակութային ցեղասպանութիւնը եւ հետապնդելու համար Արցախի ժողովուրդին բոլոր իրաւունքները:
Իսկ այս բաժինը կը վերաբերի նաեւ Երեւանին, որպէսզի Արցախի մէջ քանդուող եկեղեցիներու երեւոյթին դէմ հարց արծարծելը չնկատէ խաղաղութեան հարուած կամ չմեկնաբանէ իբրեւ Ատրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունք: Որպէսզի նաեւ չամբաստանէ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը բարձրացնողները իբրեւ խաղաղութեան գործընթացը խոչընդոտողներ:
Հետեւողականօրէն պէտք է պահանջել Արցախի վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի կէտերու իրականացումը: Սկսելով Արցախի ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու իրականացման առաջադրանքներէն:
Խմբագրական «Ազդակ»-ի