Կ՛ողջունեմ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իրենց տնտեսութիւններու եւ ժողովուրդներու վերամիաւորման ուղղուած վերջին քայլերը: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներո դեսպան Թամ Պարրաք:

«Կ՛ողջունեմ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իրենց տնտեսութիւններու եւ ժողովուրդներու վերամիաւորման վերջին քայլերը: Կը ձեւաւորուի նոր Հարաւային Կովկաս` փոխկապակցուած եւ խաղաղ, որ համահունչ է նախագահ Թրամփի` շրջանին մէջ կայունութեան եւ բարեկեցութեան յանձնառութեան», գրած է Պարրաք:

Յիշեցնենք, որ 28 ապրիլին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու համաձայն, Կարսի մէջ տեղի ունեցած է Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման եւ գործարկման Հայաստան-Թուրքիա միացեալ աշխատանքային խումբի հանդիպումը: