Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած եօթը հայ պատանդներու ընտանիքները ներկայացնող միջազգային փաստաբանները պաշտօնական դիմում ներկայացուցած են ՄԱԿ-ի Կամայական ազատազրկման հարցերով աշխատանքային խումբին` պահանջելով անոնց անյապաղ եւ անվերապահ կերպով ազատ արձակումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախի միութիւն»-ը:
Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման օրը ներկայացուած դիմումը կը պահանջէ չեղեալ յայտարարել այդ անձերուն նկատմամբ տրուած դատավճիռները` պնդելով, որ անոնք միջազգային օրէնքի կոպտագոյն խախտումներու հետեւանք են եւ ունին կամայական բնոյթ:
Եօթը պատանդներն են` Դաւիթ Բաբայեան, Մադաթ Բաբայեան, Լեւոն Բալայեան, Վասիլի Բեգլարեան, Էրիկ Ղազարեան, Դաւիթ Իշխանեան եւ Լեւոն Մնացականեան, որոնք Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ գերեվարուած են 19 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր 2023-ի ժամանակահատուածի ընթացքին` Արցախի դէմ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումէն անմիջապէս ետք: Անոնց շարքին են Արցախի նախկին քաղաքական ղեկավարներ, զինուորներ եւ մէկ քաղաքային:
Անոնցմէ երեքը` Դաւիթ Իշխանեան (Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ), Դաւիթ Բաբայեան (արտաքին գործոց նախկին նախարար) եւ Լեւոն Մնացականեան (պաշտպանութեան նախկին նախարար եւ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար), 2 Փետրուար 2026-ին Պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ դատապարտուած են ցկեանս բանտարկութեան: Մնացեալ չորսը ստացած են 15-էն 19 տարուան բանտարկութիւն: Այսօրուան դրութեամբ այս անձերը արդէն 934-էն 948 օրէ ի վեր կը գտնուին Պաքուի բանտին մէջ:
Թէեւ դիմումի այս փուլին համար ընտրուած են 19 պատանդներէն եօթը, սակայն բոլոր հայ գերիները կը համապատասխանեն կամայական ազատազրկման չափանիշերուն եւ աշխատանքային խումբի եզրակացութիւնը վերաբերելի պիտի ըլլայ բոլոր պատանդներուն համար: