Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա կեցութեան շրջագիծին մէջ, Յակոբ Բագրատունի այցելեց Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարցերու գլխաւոր տեղակալ Թիմոր Սերքեւիչ Փեշաթքինի հետ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան շրջանային զարգացումները` Իրանի վրայ ամերիկեւիսրայէլեան եւ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի կատարած յարձակումներուն լոյսին տակ:

Ռուս դիւանագէտը լայնօրէն պարզեց տիրող իրավիճակը եւ այդ ուղղութեամբ Ռուսիոյ դիրքորոշումը` շեշտելով յարձակումներուն վերջ տալու հրամայականը, զինադուլի հաստատումն ու անոր գործնական կիրարկումը եւ շրջանին մէջ արդարութեան հիման վրայ խաղաղութիւն հաստատելու առաջնահերթութիւնը:

Սուրիոյ պարագային, Փեշաթքին կարեւորութեամբ դիտել տուաւ, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ երկրի հողային ամբողջականութեան եւ փոքրամասնութեանց ապահովման իր զօրակցութիւնը` մերժելով երկրի մասնատման ու Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ յառաջ քշուած նկրտումները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Պաքուի մէջ բանտարկուած արցախցի գերիներու հարցին եւ զանոնք ազատ արձակելու պահանջին, ինչպէս նաեւ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքին: