23 Ապրիլին` Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:
Ջահերով երթը այս տարի կը կրէր «Պայքարը կը շարունակուի» խորագիրը: Երթին կը մասնակցէին ՀՅԴ գործիչներ, «Հայաստան» դաշինքի անդամներ, այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, հազարաւոր քաղաքացիներ: Երթը կ՛առաջնորդէր հոգեւոր դասը: Երթին մասնակցողները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ դրօշակը:
Մասնակցողները բարձրացուցած էին դրօշները Հայաստանի, Արցախի եւ այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: