Հանրապետութեան Նախագահութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն՝ Բանուորներու տօնին առիթով, պետական հաստատութիւնները պիտի փակուին յառաջիկայ Հինգշաբթի՝ 30 Ապրիլին, եւ Ուրբաթ՝ 1 Մայիս 2026-ին։
Ըստ հաղորդագրութեան, այն պետական հիմնարկները, որոնց աշխատանքի բնոյթը կամ պայմանները կը պահանջեն ծառայողական գործունէութիւն, պէտք է առաջնորդուին Պետական պաշտօնեաներու հիմնական օրէնքի 43-րդ յօդուածի «Գ․» կէտին տրամադրութիւններով։
Յիշեցնենք, որ Բանուորներու տօնը կը յիշատակուի ամէն տարի 1 Մայիսին (աշխարհի երկիրներուն մեծամասնութեան մէջ)՝ ի պատիւ բանուոր դասակարգին եւ ի գնահատանք անոնց իրագործումներուն։ Աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ այս օրը կը նկատուի պաշտօնական տօն, որուն նպատակն է զօրակցիլ բանուորներու իրաւունքներուն եւ վերյիշել աշխատանքային պայմաններու բարելաւման համար մղուած պատմական պայքարը։