Հալէպի արուարձանին մէջ գտնուող «Թշրին» ամբարտակի ճարտարագիտական խումբերը, անտեսելով նորոգութեան միջոցներու սղութիւնը եւ ապաւինելով սուրիական տեղական հմտութեան ու փորձառութեան, ձեռնարկեցին ամբարտակի նորոգման աշխատանքներուն։
Իր կարգին, «Եփրատ» ամբարտակի ընդհանուր հաստատութեան տնօրէն Հայսամ Պաքուր շեշտեց աշխատանքներու թափը արագցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հաստատելով, որ անոնք պէտք է կատարուին որակի բարձրագոյն չափանիշերով, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել ջրաելեկտրական արտադրութեան կայաններու պատրաստութիւնը եւ ամրապնդել ելեկտրական ցանցին կայունութիւնը։
Հալէպի շրջակայքին մէջ գտնուող «Թշրին» ամբարտակը կենսական ու ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյց մըն է, որ մեծապէս կը նպաստէ գիւղատնտեսական ընդարձակ հողերու ոռոգման, ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան, ինչպէս նաեւ խմելու ջուրի ապահովման, կը սատարէ նաեւ երկրի պարէնային ապահովութեան ու հողագործութեան։