«Սակայն… երբ թշնամին կը կարծէր, թէ վերջնականապէս խեղդած է հայուն ձայնը, մոխիրներուն մէջէն շարժեցաւ մէկ ձեռք, ապա՝ հազարաւոր ձեռքեր»։ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը վերապրած հայութեան հաւաքական ուժը, որ դարձած է անկոտրում կամք, Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ վերածուեցաւ պահանջատիրութեան հզօր ճիչի՝ յայտարարելով, որ հայը կայ ու պիտի մնայ իրաւատէր։
23 Ապրիլի երեկոյեան, ՍԵՄ-ի Քեսապի «Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի եւ զգօնութեան հսկում՝ «Միասնութիւնն է մեր փրկութիւնը» խորագրով։
Ձեռնարկը եկաւ վերահաստատելու, որ հայ երիտասարդը պատրաստ է տէր կանգնելու իր պատմութեան ու արդար հատուցման։
Ձեռնարկի հանդիսաւոր բացումը կատարեց օրուան բեմավար Սօսէ Նարէ Գարայեան։ Ան նախ հրաւիրեց ներկաները՝ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած բոլոր հերոսներուն։
Յաջորդիւ, բեմ բարձրացաւ մասնաճիւղի ատենապետ Վարդան Ղազարեան ընթերցելու ձեռնարկի բացման խօսքը։ Ան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ հայ երիտասարդը իրաւունք չունի դիտողի դերին մէջ մնալու, երբ վտանգուած են իր ինքնութիւնն ու պապենական հողը։ «Մեր կամքը պիտի ըլլայ անկոտրում, ինչպէս մեր լեռներու անմատչելի ժայռերը», յայտարարեց ան։
Ձեռնարկի գագաթնակէտը հանդիսացաւ «Կենդանի պատկեր»-ը, որ ուժգին հարուած մըն էր ներկայիս տիրող ամենամեծ վտանգին՝ անտարբերութեան։ Բեմէն հնչած խօսքերը ահազանգի նման թնդացին. «Թշնամին չի քնանար. ան կը սպասէ մեր վերջնական տկարութեան եւ անտարբեր լռութեան»։ Պատկերին միջոցաւ երիտասարդութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին՝ թօթափելու «մահացու քունը» և դառնալու արդարութեան ու հատուցման ձայն։
Այնտեղ, ուր կը զոհաբերուի անհատին կեանքը ազգի գոյութեան պահպանման ի խնդիր, կը ծնի «Հրաժեշտի» սրբազան պահ մը։ Այս գիտակցութեամբ, եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հնչեց «Հրաժեշտ Սիրելեաց» երգը՝ նուիրուած այն բոլոր հերոսներուն, որոնք սիրելիներուն տաքուկ ներկայութիւնը փոխանակեցին լեռներու պաղութեան ու պայքարին հետ։
Յուզիչ զուգերգը մատուցեցին Բարտի Լնդեանն ու Ճորճ Ղազարեանը։ Կատարումը յատկանշուեցաւ Ժոզէֆ Արամեանի տուտուկի եւ Սօսէ Նարէ Գարայեանի դաշնամուրի մեղմ նուագակցութեամբ, որ միախառնուելով ստեղծեց սիրտեր խօսեցնող խորհրդաւոր մթնոլորտ մը։
Ձեռնարկի պատգամը ուղղեց օրուան բանախօս` Արամ Աւագեան։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի միասնութիւնը եւ մեր ինքնութեան պահպանումը այլեւս ընտրութիւն չեն, այլ՝ գոյատեւման նախապայման։ Ան դիտել տուաւ, որ թշնամիին յաջողութիւնը կը սկսի հոն, ուր կը վերջանայ մեր ներքին համերաշխութիւնը։
Բանախօսութենէն ետք, եկեղեցին վերստին թնդաց յուզիչ ու ըմբոստ շունչով։ Աստղիկ Դանիէլեան եւ Ժոզէֆ Պէօճիքեան միասնաբար մատուցեցին «Ամենայն սրտով բողոքում եմ» ասմունքը։ Անոնց ոգեշունչ կատարումը դարձաւ հաւաքական բողոքի ձայն՝ ընդդէմ դարաւոր անարդարութեան, վերաշեշտելով հայ մարդու արժանապատուութիւնն ու չընկրկող տեսակը։
Նախքան ձեռնարկին փակումը, եկեղեցւոյ մէջ միաբերան հնչեցին «Արծիւ Սլացի՛ր», «Պիտի Ւնանք» եւ «Ձայն Մը Հնչեց» երգերը։ Այս խմբային կատարումները պատահական չէին. անոնք կը խորհրդանշէին հայ երիտասարդութեան վճռականութիւնը՝ սլանալու դէպի ազատութիւն, վերադառնալու պապենական հողեր և միշտ արթուն պահելու պայքարի կանչը։ Երգը վերածուեցաւ հաւաքական ուխտի, որ ոգեւորեց երիտասարդները։
Ձեռնարկը իր լրումին հասաւ հայր սուրբին սրտի խօսքով։ Ան բարձր գնահատեց ՍԵՄ-ական երիտասարդներուն նուիրումը և շեշտեց մեր ինքնութեան յատկանշական ըլլալը. «Մենք Հայ Քրիստոնեայ ենք»։ Ան պատգամեց, որ հայ երիտասարդը կը տարբերի բոլորէն, որովհետև իր մէջ կը կրէ թէ՛ հայրենիքի անմար սէրը և թէ՛ քրիստոնէական հաստատուն հաւատքը։
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, որմէ ետք ներկաները մեկնեցան վերանորոգուած հաւատքով եւ պայքարը շարունակելու անսասան վճռականութեամբ։
Սօսէ Նարէ Գարայեան