Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց՝ ի յիշատակ մեր նահատակներուն։

Արարողութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտները Եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ապա ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահ՝ ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը անմահ նահատակներուն։

Հանդիսութեան բեմավար Գառնի Մանճեան բացման խօսքով ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 111-րդ տարելից։111 զուգահեռաբար շարուած երեք թուանշաններ, որոնք ինքնին կը պարփակեն այս օրուան խորհուրդը` մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ տեսլական։ Մեծ եղեռնի այս տարելիցը խորան մը պէտք է դառնայ ոչ թէ սուգի, վիշտի, այլ երդումի եւ ուխտի, հաւատարմութեամբ կապուած մնալու մեր ծագումին, արժէքներուն եւ հետապնդելու մեր արդար հատուցումը, ուխտ եւ երդում փոխանցելու յաջորդ մեր սերունդներուն»։

Օրուան բանախօս, Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Արամ Աւագեան ըսաւ, որ հանդիսութեան նպատակը ոգեկուչումէն անդին է։ Մեզի արտօնուած չէ լաց ու կոծով աւարտել մեր ոգեկոչական ձեռնարկները։ Անհրաժեշտ է՝

1- Բնութագրել Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործ խմբակի մեղսակցութեան աստիճանն ու պատասխանատւութեան տարողութիւնը,
2- Լուսարձակի տակ պահել Հայոց Ցեղասպանութեան բազմակողմանի ոլորտները, ինչպէս իր ժամանակին տիրող քաղաքական իրավիճակը, տնտեսական դրդապատճառները, ոճիրի հոգեբանական ազդեցութիւնը, արեւմտահայերէնի դէմ ցցուած սպառնալիքը, արեւմտահայոց բարքերու եւ սովորութիւններու խաթարումը, թշնամիին հաւատադրուժ մտածելակերպը եւ քաղաքական ու դիւանագիտական ուրացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան նիւթաբարոյական պարտականութիւներն ու պարտաւորութիւնները, հիւրընկալ Սուրիոյ արժանավայել ընդունելութիւնն ու անհերքելի վկայութիւնն ու ցայտուն յիշատսկութիւնը։

Ապա շեշտեց, որ հանդիսութեան նպատակը վերանորոգելն է մեր ազգային ուխտը եւ վերանորոգուած ուխտով ձեւակերպել պահանջատիրական միաձոյլ տեսլականը՝
միասնաբար վերականգնելու հայկական վիրաւոր արժանապատուութիւնը։ Աւագեան եզրափակելով ըսաւ, որ Հայ Դատը անժամանցելի է, քանի որ ունի իրաւական ամուր հիմքեր։

ՀԲԸ Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան երիտասարդները «Գարուն» երգչախումբին եւ «Կիլիկիա» պարախումբին մասնակցութեամբ ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Տառապանք Յոյսի, Հաւատամք Լոյսի» խորագրով գեղարուեստական յայտագիր մը։
Ապա ՍՕ Խաչի «Շուշի» մասնաճիւղէն փունջ մը ընկերուհիներ ներկայացուցին «Ատանայի Ողբը» եւ «Թող Հնչեն Շեփոր» երգերը։

ՍՊ Միութեան «Արցախ» մասնաճիւղի պատանիները ասմունքեցին Սիամանթոյի «Յաղթանակ Մը» քերթուածը։
ՍԵ Միութեան «Կայծակ» մասնաճիւղի երիտասարդուհիներ ասմունքեցին Սիամանթոյի «Դարերու Վրէժ»-ը։
ՍՊՄ-ի եւ ՍԵՄ-ի պատանիներ եւ երիտասարդներ ներկայացուցին Հայաստանի Պատմութիւնը ցեղասպանութենէն առ այսօր։

Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը ներկայացուց «Ջահերթ» պարը:
Աւարտին Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Քէօշկէրեան խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ․ «Մենք պէտք է միշտ յիշենք մեր նահատակներուն պատգամը, ոչ թէ միայն Ապրիլ 24-ի ձեռնարկներով, այլ մեր առօրեայ գործերով, ապրելով ու արարելով։ Հարիւր տարիներ ետք անոնք սրբացան։ Մենք այլեւս չենք ողբար, այլ կ՚աղօթենք անոնց համար։ Ձեր պարտքն է պահպանել մեր ազգային արժէքները՝ եկեղեցին, լեզուն, մշակոյթը, համայնքը, հայրենիքը, ինչպէս ըրին մեր նախնիները։ Ձուլուելով, օտարանալով առիթ պիտի չտանք թշնամիին իրականացնելու իր նպատակները։ Դուք նոր Զարթօնքի սերունդ պիտի դառնաք»։

Ապա հանդիսութիւնը փակեց «Պահպանիչ» աղօթքով։

ՆայիրիԿարապետեան