Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026֊ի երեկոյեան ժամը 6։30֊ ին, Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111֊ րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ հոգեւոր պետերուն, կազմակերպութեամբ կեդրոնական յանձնախումբին, ներկայութեամբ՝ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, վերին Ճեզիրէի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արիապատիւ Տ. Անդրանիկ Եպս. Այվազեանի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Նուպար քհնյ. Մելքոնեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի, ազգային, մշակութային, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։
Բեմավարներ՝ Հերմիկ Պարսումեան եւ Սարգիս Ասատուրեան հանդիսութիւնը բաց յայտարարելով հրաւիրեցին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, որմէ ետք հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ երկրչփ. Վարդան Մուրատեան, որ ըսաւ․ «Ապրիլ24֊ը իբրեւ համաշխարհային ողբերգութեան խորհրդանիշ`մեզ կը մղէ փնտռելու դարման`մէկ կողմէ մեր ցաւերէն, միւս կողմէ կը գօտեպնդէ մեր հաւատքը։ Այսօր մենք ոչ միայն կը յիշենք, այեւ պիտի շարունակենք պայքարը`ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու համար, որ մեր ճախրող սրտերը լացէն բացի հայուն անկոտրում կամքով ու բազմացող թիւով ապրելու ձեւը յօրինած են։
Արաբերէն բացման խօսքով Պասել Ապրաթ վերյիշելով անմահ Սիամաթոյի խօսքը ըսաւ․ «Ով մարդկային արդարութիւն, թող որ թքնեմ ճակտին քո բաց»։ Ապա անդրադարձաւ միասնականութեան մղիչ ուժին եւ յարատեւ պայքարի անհրաժեշտութեան մինչեւ հայ ժողովուրդի արդար հատուցում։
ՍԵՄ֊ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի եւ Պատանեկան Միութեան «Զաւարեան» մասնաճիւղէն խումբ մը երիտասարդներ թատերական ներկայացումով մեկնաբանեցին Սիամաթոյի «Խեղդամահը» եւ «Պարը» բանաստեղծութիւնները։ Յովհաննէս Թումանեանի «Հոգեհանգիստ» բանաստեղծութիւնը տպաւորիչ արոգանութեամբ ասմունքեց Զարուկ Թովմասեան-Արոյեան։
«Էրեբունի» երգչախումբը ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ, խմբավարութեամբ Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Պարսումեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ երաժիշտ Քրիստափոր Միքայէլեանի։ Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Վանայ» մանկապատանեկան պարախումբը, պարուսոյց Կարինէ Տօնապետեանի ղեկավարութեամբ։ Օրուան խորհուրդը ներկայացուց Ծերուն Քահուէճեան:
Բանախօսը լուսարձակի տակ առնելով աշխարհի լուռ կեցուածքը ի տես հայոց ցեղասպանութեան ըսաւ․ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ամենասարսափելի յանցագործութիւններէն մէկն էր։ Ան եղաւ նախադէպը այն սարսափներուն, որոնք պիտի շարունակուէին Հայոց Լեռնաշխարհին մէջ եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր։ Ուստի այս օրը միայն ազգային կորուստի յիշատակումը չէ, այլ ան համամարդկային յիշումն է այն ողբերգութեան, որ արդիւնք է ատելութեան, ժխտումի, այլամերժումի եւ վայրագութեան։ Ան միայն հայ ազգի դէմ գործուած ոճիր, յանցագործութիւն չէ, այլ ողջ մարդկութեան»։
Ապա բանախօսը յայտնեց, որ մենք կը պահանջենք ճանաչում ` ոչ թէ վրէժի, այլ խաղաղութեան համար։ Սակայն խաղաղութիւն` առանց զիջումներ կատարելու, առանց հողեր կամ միջանցքներ յանձնելու։ Ճանաչումը ճանապարհ է դէպի հաշտութիւն, ուր ճշմարտութիւնը կրնայ բուժել վէրքերը։ Իւրաքանչիւր պետութիւն, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը դառնայ մարդկային արժանապատուութեան դաշնակից։ ժԽտումը Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։

Ապա անդրադարձաւ Միջին Արևելքի մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն։
Բանախօսը եզրափակելով շեշտեց որ Սփիւռքի համախմբուած եւ միասնակամ գործընթացի կարևորութիւնը եւ Երիտասարդութեան ոյժը կրնան պահել մեր ինքնութիւնը եւ ճամբայ հարթել արդարութեան դիմաց, յաղթահարելով մեր միասնութիւնը ճեղքող ապատեղեկատուութիւնն ու պատմութեան խեղաթիւրումը։
Այնուհետեւ Լուսի Յովհաննէսեան հմայիչ ձայնով մեներգեց «Քելէ լաո»-ն, դաշնամուրի ընկերկցութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի։

Հանդիսութեան աւարտին Իր հայրական խօսքը ուղղեց Հոգեշնորհ Հայր սուրբը ու ըսաւ․
«Մենք կը գտնուինք այն հողին վրայ, ուր աջէն Եփրատն է, իսկ ձախէն Տիգրիսը։ Այս հողին վրայ ապաստան գտաւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ ժողովուրդը եւ նոյն այս հողին վրայ անշիրիմ անմահացան մէկ ու կէս միլիոն սուրբեր։ Այս հողին ընդերքէն ցեղին ձայնն է որ կը լսենք։ Մեր նախնիները քալեցին այս ճամբաներէն, որպէսզի մենք ապրինք եւ ազգը գոյատեւէ։ Այսօր, երբ կը յիշատակենք Ցեղասպանութեան 111֊րդ տարելիցը, յատկանշական է տարիներուն թիւը, որ մեզի կը յուշէ, որ Աստուած մէկ է, Հայ եկեղեցին մէկ է եւ Հայ ազգը մէկ է։ Ապրիլ 24֊ ը համայն հայութեան խորհրդանիշն է։ Այսօր համախմբուած ենք հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եկեղեցիներով ու գործող բոլոր միութիւններով միասնաբար հաստատելու, որ կը յիշենք եւ կը պահանջենք արդարութեան հաստատում»։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն