Կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք համայնքներուն, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին, յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին, Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս․ Երրորդութիւն եկեղցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիսութիւն։

Ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին՝ Քեսապի հայ Առաքելական Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեան, Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Պատուելի Շանթ Ակիշեան, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս․ Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյարգելի Հայր Գառնիկ Ծ․ Վրդ․ Յովսէփեան, Քեսապի նորանշանակ Գիւղապետը, թաղապետերը, պատուոյ հիւրեր, պատկան մարմնի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն։

Օրուան հանդիսավարներ՝ Շաղիկ Լնդեան-Ղազարեան եւ Անթոնի Քիլաղպեան հրաւիրեցին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քեսապի Հայ Առաքելական Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեան։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Մեր մեծագոյն վրէժը այն է, որ հայ ժողովուրդը տակաւին կայ։ Մեր մեծագոյն վրէժը այն է, որ մեր զաւակները հայերէն կը սորվին, մեր եկեղեցիներուն զանգերը կը ղօղանջեն, մեր մշակոյթը կը ծաղկի, մեր դրօշը կը ծածանի։ Մեր մեծագոյն վրէժը այն է, որ մեզ մահուան դատապարտողներուն դիմաց մենք կեանք ընտրեցինք, ստեղծագործութիւն ընտրեցինք, յաղթանակ ընտրեցինք»։

Ան նաեւ ըսաւ. «Ապրիլ 24-ը մեզ կը կանչէ ոչ միայն սգալու, այլեւ զարթնելու։ Մեզ կը կանչէ չյուսայատելու, չբաժնուելու, չնահանջելու։ Մեզ կը յիշեցնէ, որ մեր նահատակներուն կտակը ուժեղ Հայաստան, ամուր սփիւռք եւ միասնական ժողովուրդ ունենալն է»։
Որմէ ետք հոգեպարար եւ հայրենաշունչ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ․
Սալբի Թիթիզեան խորհրդաւոր երգեցողութեամբ մեկնաբանեց «Տէր Ողորմեա»-ն, նուագի ընկերակցութեամբ՝ Անի Պոյմուշաքեանի (դաշնամուր) եւ Ժոզէֆ Արամեանի (Տուտուկ)։ Եւա Պէտրճիքեան (դաշնամուր) կատարեց «Ապրել ու Ապրիլ» երգը։ Նուագին յաջորդեց Գէորգ Էմինի՝ «Մենք» ոտանաւորը Սողոմոն Սարգիսեանի մեկնաբանութեամբ եւ Նարեկ Քէշիշեանի տուտուկի ընկերակցութեամբ։

Այնուհետեւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս․ Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյարգելի Հայր Գառնիկ Ծ․ Վրդ․ Յովսէփեան օրուան պատգամը ուղղեց։ Ան անդրադարձաւ ոգեկոչման ձեռնարկի իսկական խորհուրդին, թէ այսօր համախմբուած ենք ո’չ թէ անցեալը սգալու, այլ՝ պահանջատիրութեան ոգին աւելի ամրապնդելու, որովհետեւ թշնամին անտարբեր է մեր իրաւունքներուն եւ գործած ոճիրին նկատմամբ ու տարբեր միջոցներով տակաւին կը շարունակէ իր ցեղասպանանական ծրագրերը: Հայր Գառնիկ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը այդ դառն ճշմարտութիւնը ապրած ժողովուրդ մըն է։ Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն մարդկային ողբերգութիւն էր, այլ նաեւ նախազգուշացում ամբողջ մարդկութեան համար։
Երբ աշխարհը լուռ մնաց, ոճիրը շարունակուեցաւ։
Երբ արդարութիւնը չիրագործուեցաւ, անարդարութիւնը դարձաւ նախադէպ։
Այս պատճառով, այսօր մեր պարտականութիւնը կրկնակի մեծ է։ Մենք կը յիշենք ոչ միայն զոհերը, այլ նաեւ մեր պատասխանատուութիւնը՝ ապագայի հանդէպ։
Այսօր աշխարհի չորս ցամաքամասերուն, տարբերտարբեր երկիրներու մէջ, հայկական գաղութներ, հայ ժողովուրդի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յարգանքի տուրք կը մատուցանեն:
Յիշատակ մը, որ ոչ թէ սո՛սկ անցեալին կատարուած իրողութիւն է, այլ ամէնօրեա՛յ դրութեամբ մեր սրտերուն, հոգիներուն, էութեան եւ երակներուն մէջ անոնց ձայնը կ’արձագանգէ՛ եւ 111 տարի բոլորելով հանդերձ, որպէս քրիստոնեայ հայ ժողովուրդ, կը շարունակենք անարդարութեան ձայնին դէմ վարագոյր քաշած անտարբեր աշխարհին դէմ մեր ձայնը բարձրացնել եւ մեր արդար իրաւունքը պահանջել»։
Ան խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան ըսաւ. «Սիրելի՛ երիտասարդներ, Սիրելի՛ ապագայ սերունդներ,
Ձեզի կը փոխանցենք մեր սրբազան կտակը՝ Յիշել եւ Պահանջել։
Յիշել՝ որպէսզի մեր նահատակները չմոռցուին, որպէսզի պատմութիւնը չաղաւաղուի եւ որպէսզի ոճիրը չկրկնուի։
Պահանջել՝ պահանջել ճանաչում, պահանջել արդարութիւն եւ պահանջել հատուցում։
111 տարի անց՝ Հայ Դատը դեռ կենդանի է, Հայ Դատը դեռ պայքարի մէջ է եւ Հայ Դատը դեռ կը սպասէ համաշխարհային ճանաչմանը եւ արդարութեանը։
Մենք այսօր ազգովին, պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ միասնութեամբ, հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ։
Հայ Դատը երբեք պիտի չմոռցուի։ Հայ Դատը պայքար մըն է արդարութեան համար։
Հայ Դատը պայքար մըն է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ մարդկային արժէքներու պաշտպանութեան համար։
Մինչեւ այն օրը, երբ ամբողջ աշխարհը լիովին ճանչնայ ճշմարտութիւնը, մինչեւ այն օրը, երբ արդարութիւնը վերականգնի, մինչեւ այն օրը, երբ հատուցումը դառնայ իրականութիւն։
Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը խաղաղութեամբ, բայց հաստատ կամքով։
Այսօր մենք գլուխ կը խոնարհինք մեր նահատակներուն առջեւ, բայց նաեւ կը բարձրացնենք մեր հայեացքը դէպի ապագայ։
Քանի որ մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ վերապրեցաւ, Ժողովուրդ մըն ենք, որ վերածնունդ ապրեցաւ, Ժողովուրդ մըն ենք, որ կը շարունակէ ապրիլ, ստեղծել եւ պայքարիլ։
Թող մեր յիշողութիւնը դառնայ ուժ, թող մեր ցաւը դառնայ միասնութիւն:
Թող մեր պայքարը դառնայ արդարութեան ճանապարհ։
Յաւերժ Փառք մեր Սուրբ Ապրիլեան Նահատակներուն»:

Գեղարուեստական յայտագրի Բ. բաժինով՝ Միրնա Տէկիրմենճեան- Տէմիրճեան ներկայացուց «Տուն Իմ Հայրենի» երգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Անի Պոյմուշաքեանի։ Քեսապի Հայ Աւետարանական Միսաքեան մշակութային կեդրոնի աշակերտներ՝ Արենի Լնդեան (դաշնամուր), Մեղրի Մալաթչալեան (ջութակ) եւ Կարօտ-Արծիւ Սարգիսեան (ջութակ) ներկայացուցին «Կիլիկիոյ Մաղթերգ»-ը։ Ապա Ներսէս Քէշիշեան երգեց «Կռունկ» երգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Անի Պոյմուշաքեանի։

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Շանթ Ակիշեան։ Պատուելին իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Որպէս հայ ժողովուրդ եւ յատկապէս քեսապահայութիւն, ներկայ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ երբեք յուսահատ չենք, որովհետեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեզ կը լեցնէ յոյսով եւ կը զօրացնէ մեզ»։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Տէրունական եւՊատուելիին Օրհնութեան զոյգ աղօթքներով։

Հանդիսութեան աւարտին, գլխաւորութեամբ Քեսապի հայ երեք համայնքներու հոգեւորականներուն եւ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի «Քեսապի» մասնաճիւղի շեփորախումբին, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մեծ Եղեռնի յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց եւ կարճ արարողութիւն՝ յիշելու եւ յարգելու մէկուկէս միլիոն նահատակները, ապա շեփորախումբին ընկերակցութեամբ եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերքը։

Ոգեկոչումը իր աւարտին հասաւ Քեսապի Հայ Առաքելական Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:

Թղթակից