Ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի հոգեւոր հովիւի Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Սկ. Խորհուրդի եւ խմբապետութեան, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչին եւ Սկ. Խորհուրդին,
Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի խմբապետութիւնը, ԱՔԵ Ճեմարանէն ներս, կազմակերպեց գիշերային գործունէութիւն խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերուն, եւ Յովհաննէս Հինդլեան Երէց-Պարման միաւորի Բերձոր փաղանգին, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։
Գործունէութիւնը սկսաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով, օրուան դասախօսն էր՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան, նիւթը՝ «Հայ Դատ», ապա ներկաները Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի ընկերակցութեան, մեկնեցան դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, կատարեցին աղօթք եւ մոմավառութիւն 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը ոգեկոչելով։ Այնուհետեւ Արի-Արենոյշ միաւորէն Համազասպ Շաքարեանի հետ կատարեցին զրոյց, որուն նիւթն էր «Հայ ղեկավարի ապագայի տեսլականը» ինչպէս նաեւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու karaoke, եւ ձեռային աշխատանք։ Գործունէութիւնը շարունակուեցաւ մարզական վարժութիւններով, խմբային նկարով, ապա փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։
Մարիա Չաղլասեան