Այդ օրերուն էր, որ առաջին անգամ տեսայ անիծեալ ադամանդ կոչուածը։ Հայաստան ուսանած ու վերադարձած բարեկամուհի մը ցցուց զանոնք՝ ճերմակ փայլուն քարեր, մարդկային հարստութիւն… Ու պատմեց, թէ ինչպէ՛ս բերած էր զանոնք Հայաստանէն…։
Ծանր տարիները զիս հեռու պահեցին այն Հալէպէն, որ նաեւ ինծի անծանօթ լուսաւոր կողմեր ունէր։ Հալէպը ինծի ու զաւակներուս համար պատժարան էր ու, բնականօրէն, հաշտ չէի անոր հետ։
Փոխադրուած էինք հայաշատ Նոր Գիւղ, ուր ունեցայ մութէն ետք ու մութին մէջ առաջին լուսաւոր կէտը։ Ամուսինս վարձած էր իր «Ջանիցական» ընկերուհիներէն մէկուն նոր գնած բնակարանը։ Լսեցի, որ երբ շուրջինները անոր յուշած են աւելի բարձր գին պահանջել՝ ան պատասխանած է. «Կը նախընտրեմ բարեկամ ունենալ, քան թէ դրամ»։ Օ՜, ինչպիսի՜ փրկութիւն էր այդ մեզի համար…։ Խոստովանեցէ՛ք, որ նման վերաբերմունքի միշտ չէ որ կը հանդիպինք։ Ու եղանք անխարդախ բարեկամներ, աւագ քոյր մըն էր ան։ Իմ ճանչցած Ազնիւներու մէջ իրեն աւելի՛ կը յարմարի «Ազնիւ Տիկին», քան թէ «Տիկին Ազնիւ» բառախաղը։ Այսօր ալ, հեռացեր, բայց դեռ իր հոգիին մաքրութիւնը կը փնտռեմ ու մինչ այժմ չխոստովանած մեղաւորութիւն՝ իր վերջալոյսին մէջ այդ զուլալ հոգին լքելուս համար։ Բեթէլի երբեմնի անգլերէնի ուսուցչուհին է ան, որու իր նախկին աշակերտները «Teacher» պատուանունով կը դիմեն։
Տունը, ուր բնակելու մեծագոյն «հաճոյքն» ունեցանք,  Սուլէյմանիէ ու Նոր Գիւղ (Մէյտան) թաղամասերու սահմանագիծ նեղ ու կարճ նրբանցքին վրայ էր (թաղ՝ հալէպեան բառով)։ Բայց հոս գեղեցիկ «նրբանցք» բառէն չխաբուիք, հոն ոչինչ կար նուրբ։ Երեք- չորս յարկանի շէնքերը իրենց մէջ ամուր սեղմած էին նեղ ու յաճախ խոնաւ տարածք մը։ Տեղը բացատրելու համար պէտք էր ըսէիր՝ «Նահատակաց եկեղեցւոյ ետեւի թաղը»։ Մէկ կողմը Նոր Գիւղ գացող՝ Սուլէյմանիէի մայր պողոտան էր, միւս ծայրը, այլ նրբանցքի մը հետ խաչուելէ ետք, կը տանէր դէպի Նոր Գիւղի մզկիթ։ Այս մէկը իմանալ ու սորվիլ շատ կարեւոր էր, քանի որ հոն էր Նոր Գիւղին սիրտը, իր առեւտրական այլազան կեդրոններով (խանութներ) ու մանաւանդ՝ Հայոց դպրութեան, մշակոյթի ու նաեւ՝ քաղաքական կեդրոններով, որոնց դեռ բաւականին ուշ պիտի առնչուէի։
Մինչ այդ դեռ շատ պիտի տապլտինք ու տապկուինք։
Առաջին իսկ օրերէն թաղուեցայ ցուրտի ու մութի մէջ՝ ե՛ւ հոգեպէս, ե՛ւ ֆիզիքապէս։ Պէյրութի կռիւներէն խուսափած՝ պատերազմը հոս գտաւ զիս։ 1973, Հոկտեմբեր 6 -25 տեւած արաբ-իսրայէլական պատերազմն էր ան, զոր ժողովուրդը «Հարպ Թըշրին» կը կոչէր։ Արաբական միասնական ուժերու գլխաւոր յենարանները Եգիպտոսն ու Սուրիան էին, սակայն, հակառակ աւելի տկար ուժին, յաղթեց Իսրայէլը, ու Սուրիան չյաջողեցաւ ազատագրել Կոլանի բարձունքները։
Պատերազմներուն -յաղթական կամ ոչ- հիմնական տուժողը, անկասկած, ժողովուրդի ամենախոցելի խաւն է։ Անոր զաւակները կը զոհուին, ան կը կրէ նիւթական դժուարութիւնները, երբ այլոք կը հարստանան։ Ու այդ ամէնը հսկայական բեկում կը բերեն մարդոց բարոյականին, մտայնութեան մէջ։
Ես ոչինչ կը հասկնայի պատերազմի պատճառներէն, սակայն կրողն էի անխուսափելի զրկանքներու՝ մութի, պաղի՝ իրենց յաւելուածներով։ Խաղաղութեան հաստատումն ալ էական փոփոխութիւն չբերաւ, շարունակուեցան կարիքն ու անհարազատ միջավայրը։ Եղան օրեր, երբ  տունի միայնութենէս ու անյարմարութենէն անձկութեան մէջ՝ որոշէի այցելել (ու սիրտս բանալ) ամուսինիս որեւէ ազգականի, ապա յանկարծ կանգնէի փողոցին մէջ՝ ինքզինքիս հարցնելու. «Բայց ո՞վ են անոնք եւ իրենց հետաքրքրակա՞ն է իմ վիճակս»։ Պատասխանը կը յուշէր վերադառնալ տուն ու լալ…։ Եղան նաեւ պահեր, երբ փողոցը քալած պահուս (շուկայ, ուրիշ ո՞ւր…) յանկարծ կենայի պահ մը, կարծես երազէ մը արթննայի, կարծես առաջին անգամ տեսնէի շրջապատը, ինքզինքս անոր մէջ, ու ենթագիտակցութիւնս կը  հարցնէր. «Ես ինչո՞ւ հոս եմ…»։ Այսօր կը կարծեմ, որ այդ ակնթարթային լուսաւորումին պահը կը փորձէր արթնցնել զիս՝ բան մը փոխելու կեանքիս մէջ, բայց որոշակի միտքի
չէր վերածուեր, հոգիիս փայլատակումը երկվայրկեան կը տեւէր, ու
կը հոսէր անգոյն առօրեան։
Քիչ-քիչ ստեղծուեցան որոշ կապեր,  որոնք թէեւ հոգիս ջերմացնելու ու միտքս յագեցնելու ընդունակ չէին, սակայն մասամբ կը փարատուէին մինակութիւնս։ Նախապէս ըսեմ, որ չեմ թերագնահատեր Աւետարանչականութեան մշակութային ներդրումը հայոց կեանքին մէջ, բայց նաեւ չեմ յիշեր, թէ ինչպէ՛ս եղաւ որ առաջնորդուեցայ դէպի Հայ Աւետարանչական Նահատակաց եկեղեցի ու հոգեւոր կեանքի հետ առաջին շփումս հոն եղաւ։ Բարեկամուհիս՝  Teacher-ը աւետարանական Բեթէլ դպրոցի ուսուցչուհի էր, ամուսինիս անմիջական բարեկամուհիները աւետարանականներ էին, քանի որ ինք, թէեւ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ՝ երիտասարդութեան յաճախած էր այդ օրերուն շատ աշխոյժ գործող «Ջանից» աւետարանական երիտասարդական խմբակին։ Այդ օրերուն ես Հալէպի հայոց եկեղեցիներու մասին գաղափար չունէի ու գիտէք նաեւ, որ խոր հաւատացեալ մըն ալ չէի։ Սա Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանողիս արդարացումը չէ, պարզապէս փաստը կ’արձանագրեմ։ Մինչեւ Երեւան տեղափոխուիլս ալ կապերու մէջ եղած եմ այդ շրջանակին հետ, ուր շատ ազնիւ մարդոց հանդիպած եմ, արժանաւոր հայ մարդոց, բան մը, որ ինծի համար առաւել կարեւոր է։ Ի վերջոյ  Հալէպի հմայքին կարեւոր մասը կը կազմէ կրօններու եւ յարանուանութիւններու համերաշխ գոյակցութիւնը։
Հոս պատումս պահ մը ընդհատեմ ու փոքրիկ զուարճալիք մը յիշեմ։ Բարեկամուհիս՝ Teacher-ը Բեթէլ դպրոցին մէջ ուուցչուհի էր ու կը յաճախէր նոյնանուն եկեղեցին։ Մենք խնդալով կ’ըսէինք իրեն՝ «Ծնունդով ու մկրտութեամբ՝ առաքելական, կրթութեամբ ու գործով՝ բողոքական, ամուսնութեամբ՝ կաթոլիկ. ահա՛ «իսկական հայը»»։  Եւ ան կը ժպտէր մեղմօրէն։
Այդ շրջանակին կապուած յիշողութիւններէս մէկը ուշագրաւ է նաեւ այն իմաստով, որ հալէպահայոց կեանքին մէջ ընդհանրացած սովորութեան մը իմաստին ծանօթացայ։ Տակաւին տագրոջս ընտանիքին հետ էի ու ամուսինս Երեւան էր։ Օր մը անոնք ինծի իրենց հետ տարին Բեթէլի մէջ ըլլալիք ճաշկերոյթի մը։ Միջավայրը անծանօթ էր, Ազնիւին հետ դեռ ծանօթ չէի, ուրեմն միանգամայն նոր էր ամէն ինչ։ Այն օրերուն  բլրակի վրայ եկեղեցին ու հին դպրոցն էին միայն, առանց պա-րիսպի բակով մը, ուր եւ եղաւ երեկոյեան բա-ցօդեայ ճաշկերոյթը։ Մանրամասներ չեմ յիշեր, միտքիս մէջ մնացեր են երկու պահեր։ Յուշանուէր մը բաժնուեցաւ, որ ամէն ընտանիք գնեց։ Անոր վրայ թիւ մը նշուած էր, որուն իմաստը ետքը հասկցայ, երբ յայտա-րարուեցաւ նուէրներու բաշխումը։ Տիկին մը, նուէրներու կապոց մը քովը, բարձրաձայն կը կարդար պարկէ մը հանուած թիւ մը ու աշխոյժ մթնոլորտին մէջ, ծափերու տակ՝ շահողը կը ստանար իր նուէրը։ Հետաքրքրական զուգորդութեա՞մբ, թէ նախանշուած՝ մեզի «բախտ» հասաւ կերպասի մէկ մեթրնոց կտոր մը, որ, պարզուեցաւ, հանգանակութեան ատեն տագրս նուիրած էր իր խանութէն։ Եւ  ան մեծահոգաբար այդ կտորը ինծի նուիրեց… որմէ ես տաբատ կարեցի տղեկիս։
Վեց տարի ապրեցանք Նոր Գիւղի այդ թաղին մէջ, ուր բնակչութիւնը ամբողջութեամբ հայ էր։ Կային արհեստաւորներու քանի մը գործատեղիներ, ընդհանրապէս աւտոմեքենայ նորոգողներ կամ մասեր վաճառողներ էին անոնք։ Թաղին ծայրը ծերունի մը խանութ ունէր, ուր առաջին անգամ տեսայ մածունը փայտեայ տակառիկի մէջ։ Նոյն ձեւով կը ծախուէր նաեւ խաղողի կամ թուզի ռուպ, զոր թահինին խառնելով՝ հրաշալի համով բաղադրութիւն մը կ’ունենայինք։ Անձը ինք կարճահասակ, լեցունկեկ, շատ բարի հայեացքով, հանդարտ, անուշ խօսքով ու մանաւանդ, իրեն դիմելու «Գիրգոր աղա» (Գրիգոր) հնադարեան ձեւով, ինծի տասնիններորդ դար կը փոխադրէր։ Արդէն իր տեսքն ալ «Գիքոր»-ին մէջ նկարագրուած փափախաւոր գիւղացիներէն շատ տարբեր չէր։ Ընդհանրապէս Հալէպ յաճախ կը զգայի միջնադարու շունչը։
Հալէպեան հին շէնքերը մեծ մասամբ ունէին նաեւ ճակատային մակերէսէն դէպի ետ խորացող վերջին յարկ մը, որ այդ բնակարանին մեծ պատշգամ կը տրամադրէր (իտաֆի)։ Արդէն ծանօթ էի վերին յարկի դրացիներուս։ Պչաքճեաններուն հետ մինչեւ վերջ ալ մնաց բարեկամութիւնը։ Երկրորդ տղաս շատ կը սիրէր անոնց տունը երթալ, ուր խնամող ու սիրողներ ունէր։ Ընտանիքի աւագ դուստրը՝ Սօսին իր մատղաշ տարիքին անսովոր խնամք ու գուրգուրանք կու տար փոքրիկին. լոյս իր հոգւոյն։ Այս առիթով եւս զուարճալի պատկեր մը կը յիշեմ։ Տունին բարի ու աւանդապահ մեծ մայրը թրքախօս էր։  Ըստ էութեան, ան ճիշդ չէր գտներ, որ դրացիին փոքրիկը անդադար իրենց տուն երթար, ոտքի տակ իյնար։ Ամէն առիթով կ’ըսէր «եօխ» (ո՛չ),  կամ «կէ՛թ», (գնա՛) ուրկէ ալ անունը «Եօխ» մնաց։ Երբ կեսուրը շատ դժգոհէր, տանտիրուհին՝ Թագուհին փոքրիկին «յանձնարարութիւն» կու տար՝ «Գնա՛ մամային ըսէ, որ «թութ պանին» տայ»։ Առաջին անգամ փոքրիկին ըսածէն ոչինչ հասկցայ ու դիմեցի անմիջական դրացուհիիս, որ հայերէն գիտէր, բայց թրքախօս էր։ Ան բացատրեց, թէ թրքերէնով այդ կը նշանակէր «Բռնէ՛ կամ պահէ զիս»։ Այնուհետեւ այդ մոգական բառերը յաճախ կը գործածուէին, ու փոքրիկը իզուր կը պնդէր, թէ «Թագուլլին թութ պանին  կ’ուզէէէ՜»…։
Այս ընտանիքին հետ շփումովս առաջին «յեղափոխական թրծում» ու ազգային գիտակցութեան խորացում ունեցայ։ Իրենց գրադարանէն օգտուելով՝ գիւտ ընողի մեծագոյն հետաքրքրութեամբ կարդացի Ռուբէն Տէր-Մինասեանի «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները», Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը եւ յեղափոխականներու ու ֆետայիներու մասին այլ բազում գիրքեր։ Ստացածս գիտելիքներուն կու գային աւելնալ անոնց տանը միշտ հնչող յեղափոխական երգերը՝ խորացնելով հարցին զգացական կողմը։ Ու հետագային, երբ Ճեմարան մտայ, արդէն բաւականին «յեղափոխական խմոր» ունէի…
Լալա Միսկարեան-Մինասեան