Հայ ազգը միշտ ալ ունեցած է իր ազնուական դասակարգը։ Ազգին զաւակները անցեալին եղած են զօրավարներ եւ իշխաններ, ինչպէս՝ Արշակունիները, Արծրունիները, Կամսարականները, Մամիկոնեանները, Ամատունիները եւ Ռշտունիները։ Անոնք եղած են ազգը ղեկավարող տարրերը։ Աւելի ուշ, ազգային ազնուական դասակարգը կազմած են աւատապետները, որոնք եղած են մեծ հողատէրեր, ինչպէս՝ Բագրատունիները, Զաքարեանները, Պռօշեանները, Օրբէլեանները, Ճալալեանները, Սահարունիները եւ Վահրամեանները։ ԺԱ. դարէն ետք, Բագրատունեաց անկումով, օրուան ազնուական դասակարգը կազմեցին վաճառականները, ինչպէս՝ Ռուբինեան, Հեթումեան, Գալանտարեան, Մինասեան, Լազարեան եւ Շահրիմանեան գերդաստանները։ Այս ազնուականները կոչուած են «Խօճաներ», որոնք ունեցած են մօտիկ կապեր ու հաղորդակցութիւններ Պարսկական Սեֆեան իշխանութեան, Հնդկաստանի Մոնկոլ սուլթանութեան, Եթովպիոյ (Հապաշ) թագաւորութեան, Ֆրանսական Լուսինեան թագաւորութեան, Ռուսական ցարութեան եւ, վերջապէս, Օսմանեան սուլթանութեան պալատներուն հետ։ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ազնուականները կոչուած են «Չելէպիներ»։
Չելէպիներու զբաղումը եղած է «սարրաֆ», այսինքն՝ տնտեսական կարիքներ հոգացող, դրամագէտ, գոհարագործ եւ ոսկերիչ։ Հայ չելէպիներէն յիշատակուած են՝ Տիգրանակերտէն՝ Մաղաքիա եւ Իսկանտար չելէպիները, Հալէպէն՝ Սանոս եւ Պետիկ չելէպիները, Պուրսայէն՝ Անտոն, Էպրո եւ Մարտիրոս Գէֆսզեանները, Տրապիզոնէն՝ Շահին, Պոլիսէն՝ Երեմիա Քէօմիւրճեան, Այնթապէն՝ Եղեազար Թամիրեան։ Աւելի ուշ անոնք կոչուած են «Ամիրաներ»։ Ամիրաները եղած են գիտարուեստի փորձագէտներ (technocrat). անոնց զբաղումները կազմած են սարրաֆութիւնը, դրամագիտութիւնը, մեքենագէտ-գիւտարարութիւնը եւ հնաոճ իրերու մասնագէտի աշխատանքը։ Պատմութեան ընթացքին հայ ազնուականը միշտ ալ հոգատար եղած է իր ազգի անդորրութեան, հանգստութեան ու եկեղեցիին նկատմամբ։ Անշուշտ, այլեւս կանխատեսելի է նաեւ, թէ այսօրուան կամ վաղուան հայ ազնուականները պէտք է փնտռել միայն ու միայն գիտաշխատողներուն մէջ, ընդգրկելով արհեստները՝ որպէս ողջ, անջնջելի, շօշափելի եւ իմացական ազգային ժառանգութիւն մը, որ կը ցոլացնէ ազգային մշակոյթը ու զարգացման հասունութիւնը՝ իր բոլոր մանրամասնութիւններով, ըստ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի (UNESCO) միջազգային չափանիշերուն։
Օսմանեան ոսկերչութեան առաջին շրջանը կը հանդիսանան ԺԴ. – ԺԵ. դարերը. պատերազմի աւարտին, Պարսկաստանէն Պոլիս հաւաքուած հայ ոսկերչութեան արհեստաւորներու ներկայութեամբ, որոնք կոչուեցան Ehl-i Hiref-i Hassa եւ աշխատեցան արքունիքի համար։ Օսմանեան ոսկերչութեան պայծառ դարաշրջանը կը կազմեն ԺԶ.-ԺԷ. դարը, որոնք հանդիսացան ուժի եւ հարստութեան սկիզբ։ Մուրատ Գ.-ի օրով (1574-1595) պալատը կը փայլէր ոսկերչութեան եւ զարդերու արուեստով։ Իսթամպուլի մեծ պազարի ճարտարապետական հմայքը եւ տնտեսական արտադրութեան ու վաճառքի կախարդական աշխարհը ծնունդ կու տան Տիւզճեան գերդաստանին, որպէս չելէպիներ։ Կը կազմուի Կայսերական Փողերանոցը (The Imperial Mint), եւ Տիւզճեան գերդաստանը կը դառնայ արքունի ոսկերչապետը, սարրաֆը եւ ճարտարագէտը. իրենց կը վստահուի դրամահատութեան աշխատանքը ու փողերանոցի հսկողութիւնը (The Duzjian Family: Goldsmiths and Sarrafs of the Imperial Mint)։ Տիւզճեան գերդաստանի նախահայրն է «Արթին Տիվրիճի / Հաճի Յարութիւն / Քիլիչչի օղլու», որմէ սեռած վարպետներ ծառայած են Օսմանեան կայսրութեան փողերանոցին՝ որպէս լիակատար, հաւատարիմ եւ պատասխանատու հսկիչներ՝ սկիզբը որպէս չելէպիներ, ապա՝ ամիրաներ։
Տիւզճեան ամիրաներու սերնդաշարէն մասնաւորապէս
կը յիշատակուին՝
-Ուզուն Սարգիս Տիւզճեան (1655-1721)
-Տէօվլէթ (1730) եւ Յովհաննէս (1687-1744)
-Մասթէր Սարգիս եւ Յովհաննէս
-Միքայէլ (1723-1783) եւ Կարապետ (1774-1855)
-Յովհաննէս (1749-1812) եւ Անտոն (1765-1834)
-Գրիգոր (1774-1829), Սարգիս (1777-1829), Յակոբ (1791-1847), Պօղոս (1792-1871) եւ Մկրտիչ (1824)
-Միհրան (1817-1892)
-Սարգիս Կոմիտաս (1853-1923)
-Տիգրան Ալեքսանեան Տիւզճեան (քեռայր)
Հետաքրքրական է ճանչնալ նաեւ Տիւզճեան շառաւիղներէն Էլէոնորա Տուզէն (Eleonora Duse, 1857-1923), որպէս հայ արմատներ ունեցող իտալուհի, միջազգային դասական թատրոնի տիտան, անկրկնելի դերասանուհի եւ մեծ արուեստագէտ-ուսուցիչ՝ իտալական թատրոնի թագուհին, որուն անդրադարձած են հայ եւ օտար բազմաթիւ աղբիւրներ։
Տիւզճեան գերդաստանը ծառայած է 1650-ական թուականներէն՝ ստեղծագործելով արքունիքի ոսկերչական պահանջներու համաձայն։ Գերդաստանի նշանաւոր ձեռագործներէն են կցուած նկարները։
Տիւզճեան գերդաստանը մխրճուեցաւ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան փողերանոցի հաստատումի եւ կայունացման աշխատանքին մէջ։ Հատուած մետաղադրամներու վրայ կ’արձանագրուէր՝ «Կոստանդնուպոլիս / Իսթանպուլ / Տար ալ-Խիլաֆա»։ Քաղաքական, տնտեսական ու ֆինանսական զարգացման հոլովոյթով փողերանոցը ունեցած է երեք շրջան՝
1. Դասական շրջան (1453 – 1687)
2. Մեքանիք հատման շրջան (1687 – 1844)
3. Նոր շրջան (1844 – 1922)
Պոլսոյ գրաւումէն ետք, դրամահատարանի գործունէութեան եղանակը եւ ճշգրիտ ժամանակը յայտնի չեն։ Սակայն, հաշուի առնելով մետաղադրամներու հատման կարեւորութիւնը օսմանեան քաղաքական մշակոյթին մէջ, կարելի է ենթադրել, որ կառավարութիւնը շտապած է դրամահատարանը հաստատել Պայազիտի շրջանին մէջ, ուր մետաղադրամներ կը հատէին շատ պարզ, նախնական եղանակներով։
Փողերանոցին մէջ կը հատուէին սուլթանին աքչէն, փարան, պղինձէ մանգիրը, աւելի ուշ՝ արծաթը՝ 7 չափերով, եւ ոսկին՝ 12 չափի կտորներով։
Փողերանոցի աշխատանքը կ’ընթանար կոպարի սկզբունքով. աւանդը (նախանիւթը) կը վստահուէր գործադիրին, այսինքն՝ Տիւզճեան ամիրաներուն։ Փողերանոցը ունէր արտաքին պաշտօնեաներ եւ ներքին աշխատակազմ։ Պաշտօնատարներ էին՝ լրտեսը, խուզարկուն, դրամափոխը, խնամակալը, սղագրողը, միջնորդը, գանձապահը, դիտորդը, արկղակալը, գրագիրը, հարկահաւաքը եւ աւանդապահը։ Իսկ ճարտարարուեստի վարպետներ էին՝ յարգը որոշողը, չափողը, ձուլիչը, պրոնզաձողը հարթեցնողը, փայլեցնողը եւ յղկողը, մետաղագործը, մետաղալարագործը, ոսկերիչը եւ այլ զանազան արհեստաւորներ։ ԺԸ. դարուն փողերանոցի աշխատանքներուն մէջ հայերը կը կազմէին մեծամասնութիւն՝ մասնաւորաբար առեւտուրի, վարպետներու եւ բանուորներու շարքերէն ներս (մօտ 1300 անձ)։
Մուսթաֆա Գ.-ի (1757-1774) իշխանութեան օրով փողերանոցը աւելի բարեկարգուելով՝ ունեցաւ պահեստային գանձարան, տարբեր եկամուտներու հիմնադրամ եւ ծախսերու հիմնադրամ՝ նեցուկ դառնալով կայսերական գանձին։ Ան յաղթահարեց կայսրութեան սպառնացող շատ մը դժուարութիւններ, կառավարեց հանքերը եւ մատակարարեց կայսրութեան հացահատիկները մինչեւ Թանզիմաթի բարեփոխումները։
Մետաղադրամներէ բացի, դրամահատարանը կ’արտադրէր մեծարանքի նշաններ, մետալիոններ, զարդարուած ոսկեզօծ մետաղադրամներ եւ արժէքաւոր շքանշաններ:
Տիւզճեան գերդաստանի եղերական մայրամուտը
Սուլթան Մահմուտ Բ.-ի օրով (1808-1839) ծայր կ’առնեն Տիւզճեան գերդաստանին դէմ որոշ ոտնձգութիւններ, որոնք կը համընկնին զանազան նեղմիտ խմբաւորումներու նախանձին ու շահախնդրութեան, ինչպէս՝
-Թուրք ակնավաճառներու անհանդուրժող վարմունքին։
-Կ. Պոլսոյ հայ առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքներու ընդհարումներուն։
-Անհատական շահերէ մղուած հայ անհատ մը, որ Տիւզճեանի մօտ կ’աշխատէր որպէս բանուոր, եւ փողերանոցի Խալիլ անունով լրտեսը գործակցաբար կը տարածեն այն կեղծ լուրը, թէ՝ «Տիւզճեան գերդաստանը, իւրացնելով կայսերական գանձը, կը ծրագրէ երկրէն հեռանալ…»։ Այս լուրը կը հասնի սուլթանին։
17 Օգոստոս 1819-ին, փողերանոցի տնօրէն Գրիգոր Տիւզճեան ամիրան եւ ոսկերչապետ Սարգիս Տիւզճեան ամիրան կը ձերբակալուին ու կը գլխատուին (1829 թ.)։ Միքայէլ եւ Մկրտիչ զարմիկները, Ենիքէոյի Տիւզճեաններու ամառանոցին մէջ (Yenikoy) պատուհասուելով, կը կախուին (1824 թ.)։ Կ’աքսորուին Կարապետ ու Յակոբ Տիւզճեանները, որոնք 1822-ին կը վերադառնան Պոլիս։
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան