Հեռաւոր մղոններու կանչին հետեւելով՝ կը հասնիս Նիւ Եորքի ափեր, ուր փոխադրական նաւը ալիքները ճեղքելով քեզ կը մօտեցնէ աշխարհահռչակ Ազատութեան Արձանին։ Անիկա Ֆրանսայի կողմէ ընծայուած արուեստի վիթխարի մարմնացում մըն է, որուն պղնձաձոյլ շերտերուն մէջ ամփոփուած են հազարաւոր պատմութիւններ ու մտածումներ։ Առաջին իսկ քայլափոխիդ, Նիւ Եորքի անսանձ հովը կարծես կը գրկէ քեզ՝ առաջնորդելով դէպի քաղաքի անվերջանալի եռուզեռը, մինչդեռ ալեկոծ ջուրերն ու բազմալեզու ամբոխի աղմուկը հոգիդ կը լեցնեն անբացատրելի ներշնչումով։
Այդտեղ կանգնած է ահռելի կշիռքով պղինձէ հսկան, որ արտաքուստ կը ներկայանայ իր ողջ հզօրութեամբ։ Տարիներու սահանքին հետ, անիկա հագած է իր ժանգականաչ (patina) պատմուճանը։ Այդ ծովակին երանգը՝ կանաչի եւ կապոյտի այդ կախարդական միախառնումը, այնքան տիրական է, որ ակամայ կը սկսիս աշխարհը դիտել այդ նոյն գոյնի պրիսմակով։ Սակայն, որքա՜ն մեծ է հիասթափութիւնդ, երբ կը պարզուի, որ այդ ահեղակառոյց մարմինը խորքին մէջ թափուր է։ Անիկա լոկ աստիճաններու եւ վերելակի մը սառնարանն է։ Գեղեցիկ ու աշխարհահռչակ դրոշմ մը, բայց ներսը՝ պատեան է միայն։
Յաջորդ կայանը Էլիս կղզին է։ Նաւը քեզ կը լքէ հոն՝ լուռ ու ակնածալից սպասող բազմութեան մէջ։ Թանգարանի շէնքը կը յառնի դիմացդ որպէս աղիւսաշէն, վիթխարի ամրոց մը, որ իր գիրկը առած է միլիոնաւոր ճակատագրերու մրմունջը։ Ներսը՝ առաստաղները
կը բարձրանան որպէս կամարակապ երկինք, իսկ սալայատակները պաղ են ու մաշած՝ միլիոնաւոր յոգնած քայլերու ծանրութենէն։ Պատերէն քեզի կը նային անցեալի լուսանկարները. մարդիկ՝ իրենց խեղճուկ հագուստներով ու վախցած աչքերով։ Օդը հոն թանձր է՝ յագեցած անցեալի ցաւոտ արձագանգներով։
Պատմութեան Դառն Էջերէն. 1892-1954 թուականներուն այս կղզին հանդիսացաւ Ամերիկա մուտքի գլխաւոր դարպասը՝ հիւրընկալելով աւելի քան 12 միլիոն մարդ։ Անիկա մկրտուեցաւ որպէս «Յոյսի եւ Արցունքներու Կղզի»։
Ժամանողները կ’անցնէին բժշկական ու իրաւաբանական քննութիւններու դաժան բովով։ Բժիշկները կաւիճով անողոք նշաններ կը դրոշմէին մարդոց հագուստներուն վրայ. «H»՝ խոցուած սրտերու համար, «CT»՝ մարող աչքերու համար։ Այս սարսափազդու զտարանը յաճախ ընտանիքներ կը քայքայէր՝ զատելով հարազատները իրարմէ։ Շատերուն համար այս վայրը դարձաւ հոգեւոր գողգոթայ մը, ուր «Բաժանման Աստիճանները» կը վճռէին ապագայի անորոշ ուղին։
Այս ամբողջին մէջ զգացումս դառն էր, սիրտս կարծէք կանգ պիտի առնէր, իսկ հոգիս՝ խեղդուէր։ Պարզապէս մոխրագոյն կը տեսնէի ամէն կողմ։ Կանաչն ու կապոյտը ներկապնակիս մէջ խառնուած էին սեւ ու մուգ երանգներով, որոնք վերացնելով բոլոր յստակ գոյները՝ տժգոյն պատկեր մը կը յառաջացնէին։ Այդ «կոպիտ գոյնը» կարծէք վրան չորցած արցունքներովս խառնած ըլլայի, ինչպէս կտաւ մը, որ երբ չես սիրեր, վրձինովդ կը խանգարես ու կը քանդես զայն… Թերեւս ալ մէջս միշտ գաղթականի ծինը կրելս է, որ տարուան բոլոր ամիսներու ընթացքին սիրտս ու աչքերս կ’ալեկոծէ. հայու ցաւոտ արիւնը կը կրեմ։
Այս ծանրութեամբ՝ պահ մը աչքերս փակեցի եւ ծանրացած նստայ թանգարանի այդ պաղ, տախտակէ նստարանին։ Այդ պահուն ժամանակը կանգ առաւ, եւ զգացի որ կողքիս կը նստի 16-ամեայ պատանին՝ Ոստանիկը (Արշիլ Կորքի)։ Ան հոս էր իր քրոջ՝ Վարդանուշին հետ, հօրը միանալու յոյսով, 1920-ականներուն, ճամպրուկը ձեռքին, ամիսներ տեւած ճամբորդութենէն մաշած ու յոգնած, լուռ սպասողներու շարքին մէջ։
Ոստանիկին պատմութիւնը տխրութեան ահաւոր ու անհուն ովկիանոս է։ Ինչո՞ւ մարդ ստիպուած ըլլայ լքել իր արմատն ու հողը՝ ողորմութիւն հայցելու համար այս օտար ու պաղ պատերուն տակ։ Ան տեսած էր իր մօր սովամահ ըլլալը, իր հայրենի աշխարհի փլուզումը, եւ հոս՝ Էլիս կղզիին վրայ, ան դարձաւ պարզ ներգաղթող մը, որուն համար աշխարհը նեղ էր։ Ան իր հետ ոչինչ բերած էր, բացի մօր յիշատակէն ու այն «դառնութենէն», որմէ յառնեցաւ իր նոր անունը։
Այդ թախիծի խորքէն ժայթքեցաւ իր հանճարեղ յաղթանակը։ Այդ նոյն Ոստանիկը, որուն ներաշխարհը ողողուած էր Վանայ լիճի զմրուխտեայ գոյներով ու հայկական լեռներու տոկունութեամբ, իր վրձինի հարուածներով նուաճեց Ամերիկան ու համայն մարդկութիւնը։ Ան իր հոգեկան ցաւը փոխակերպեց գոյնի, իսկ իր կորուստը՝ յաւերժական արուեստի։
Այցելութեանս աւարտին, չկրցայ վայրկեան մ’իսկ մնալ այդ շէնքէն ներս։ Դուրսը կատաղի հով էր։ Մետաքսեայ վզկապս շատ ամուր փաթթեցի ականջներուս պաշտպանուելու համար պաղէն։ Նախընտրեցի դիմագրաւել բնութեան սառնութիւնն ու զօրաւոր քամին, քան թէ շնչել ներսի այդ մարդկային դատաստանի ծանրացած մթնոլորտը։ Դուրսի հովը մաքրագործող էր, իսկ ներսի լռութիւնը՝ ճնշող ու խեղդող։
Այդ պահուն, աչքերս սեւեռած Նիւ Եորքի նաւահանգիստին, յայտնութեան պէս ընկալեցի մեծագոյն իրողութիւնը. այն հսկայ արձանը, որուն առջեւ կը խոնարհի աշխարհը, դուրսէն հզօր էր, բայց ներսէն՝ թափուր։ Իսկ Ոստանիկը դուրսէն ոչինչ ունէր, բայց ներսէն լեցուն էր ողջ տիեզերքով։ Իր յաղթանակը իր հոգւոյն անկոտրում վեհութիւնն էր։ Ոչ մէկ մետաղեայ պատեան կրնայ փոխարինել մարդկային հոգիի այն տոկունութիւնը, որ Արշիլ Կորքիի նմանները բերին իրենց հետ՝ դարձնելով այս այցելութիւնը անմոռանալի պատգամ մը մարդկային ոգիի անպարտելիութեան։
Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան