Անթալիոյ մէջ կայացած դիւանագիտական ֆորումի ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Անգարա
կը յուսայ, որ մօտ ժամանակներուն կը ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ: Անոր համաձայն, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ունի տնտեսական առաւելութիւններ: Անգարայի դիւանագիտութեան ղեկավարին բառերով՝ «մեր տարածաշրջանի դերը Միջին միջանցքի իրականացման հարցին մէջ չափազանց կարեւոր է: Քանի որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը կարեւոր է այդ միջանցքի անվտանգութեան տեսանկիւնէն: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը շատ կարեւոր ուղի է Թուրքիոյ համար: Այս հարցին շուրջ մենք նաեւ կ’աշխատինք Եւրոպական Միութեան հետ: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման: Մենք շատ մօտ ենք անոր»:
Հիմա տեսնենք այս մօտեցումներուն ընդառաջ այս անգամ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը. ըստ անոր, «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապուած հիմնական հարցերը կրնան լուծուիլ յառաջիկայ ամիսներուն: Վերջերս այս ուղղութեամբ տեղի ունեցած են կարեւոր զարգացումներ: Կը կարծենք, որ Հայաստանի մէջ հանրաքուէի կայացումը, նոր Սահմանադրութեան ընդունումը, խաղաղութեան պայմանագիրի վերաբերեալ վերջնական փաստաթուղթերու ստորագրումը եւ անոնց վաւերացումը կրնան ճանապարհ հարթել»:
Ֆիտանի մօտեցումը պարզ է: Երեւան-Անգարան կը շարունակէ պայմանաւորուած մնալ Երեւան-Պաքուին հետ: Փաստօրէն թուրք դիւանագէտը կը խօսի երեք երկիրներու միջեւ հարցերու կարգաւորման փաթեթային դրուածքին մասին, ինչ որ Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան կէտերէն մէկն է:
Ապա, Անգարայի ներկայացուցիչը յականէ անուանէ դարձեալ կը խօսի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին: Ինչ որ նորացուած նախապայմաններու գլխաւոր կէտն է:
Նախապայմանները կը շարունակուին այս անգամ Պայրամովի ճամբով, երբ Երեւան-Պաքուի կարգաւորումներուն համար կը յիշէ հանրաքուէն եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Անկէ ետք է միայն, որ ճամբան կը հարթուի դէպի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւն:
Ուրեմն, երկու արտաքին գործոց նախարարներու խօսքերէն կը հետեւցուին հետեւեալ ակնկալուած իրերայաջորդ քայլերը Երեւանի կողմէ.
Ա.- Զանգեզուրի միջանցքի տրամադրում:
Բ.- Հանրաքուէի կայացում եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն:
Ասոնք նորացուած նախապայմաններն են: Դասական պայմանները ամփոփուած են երկրորդին մէջ, որովհետեւ, երբ նոր Սահմանադրութեամբ Անկախութեան հռչակագիրը կորսնցնէ իր իրաւական ուժը, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութենէն դուրս կու գան՝
Ա.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին սատար կանգնիլը,
Բ.- Արցախի միաւորման հեռանկարը,
Գ.- Համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը,
Դ.- Պատմական արդարութեան վերականգնումը:
Ահաւասիկ դասական, նորացուած նախապայմանները թուրքեւատրպէյճանական դաշինքին: Այս նախապայմաններու բաւարարումը Երեւանի կողմէ կ’ակնկալուի մօտ ապագային, ըստ երկու դիւանագէտներուն, որպէսզի ճամբայ հարթուի Թուրքիա-Ատրպէյճան-Հայաստան հարցերու կարգաւորման՝ իբրեւ մէկ ամբողջական թղթածրար:
Խաղաղութեան գինն ու նախապայմանները վերաբանաձեւուած են յաջորդաբար Անգարայի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Այս նախապայմաններուն չենթարկուելու կամ այս գինը չվճարելու միակ միջոցը Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէին ոչի ապահովումն է:
Խմբագրական «Ազդակ»-ի