Չորեքշաբթի օր, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Ապու Տապի մեկնեցաւ, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու նախագահ, Շէյխ Մուհամմետ պըն Զայէտ ալ-Նահեանի հետ։

Յանուն երկու երկիրներուն, տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի, Էմիրութեանց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայէտ ալ-Նահեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութեան, եղբայրական երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։

Տնտեսական գործընկերութեան առումով, քննարկուեցան տնտեսական կապերու սերտացումը եւ զարգացման ծրագրերուն սատարումը՝ ի խնդիր երկուստեք շահերու ապահովման։

Կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան վերջին զարգացումներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն։ Շեշտուեցաւ ջանքերու համադրման կարեւորութիւնը՝ շրջանային ընդհանուր ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։