ԱՄՆ-ի քոնկրէսի անդամ Ժո Ուիլսըն «X» հարթակի վրայ յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Ուաշինկթընի մէջ ազատ Սուրիան ներկայացնող դեսպանատան գործակատար կը նշանակուի։
Ուիլսըն ըսաւ. «Երախտապարտ եմ ԱՄՆ-ի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպանատան գործակատար Մուհամմետ Քանաթիրը ընդունող առաջին քոնկրէսի անդամը ըլլալուս համար»։
Ապա ան Քանաթիրիին ներկայացուց «Կայսեր Օրէնք»-ի չեղարկման պաշտօնական որոշումի պատճէնը։
Ան աւելցուց, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ առիթ տալու առաջարկը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է։