Հալէպի պետական համալսարանի Գրականութեան եւ Մարդկային գիտութիւններու ճիւղէն ներս ընթացք առաւ գիրքի ցուցահանդէս մը, մասնակցութեամբ շուրջ 25 արաբական եւ միջազգային հրատարակչատուներու։
Ցուցահանդէսին նպատակն էր երիտասարդութեան ընթերցման մշակոյթը ամրապնդել եւ փորձառութիւններու փոխանակում կատարել։

Այս առիթով «Մոզայիք» հրատարակչատան տնօրէն դոկտ. Մուհամմետ Թահա Օսման յայտնեց, որ ցուցահանդէսին արաբական եւ միջազգային կողմերու ներկայութիւնը կ’ամրագրէ մշակութային կապերը, շեշտելով, որ նման տարողութեամբ ցուցահանդէս առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի Հալէպի պետական համալսարանէն ներս։ Ան աւելցուց, որ իր հրատարակչատունը կը ներկայացնէ թարգմանուած պատմուածքներ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուին Սուրիոյ մէջ, անոնց կողքին կը ներկայացնէ նաեւ գրական եւ գիտական մասնագիտական հրատարակութիւններ։

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 30 Ապրիլ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեկոյեան 18:00։