Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ ապու Քասրա ընդունեց ամերիկեան բանակի պատուիրակութիւնը, գնդապետ Քէյվըն Լամպըրթի նախագահութեամբ։
Նախարարը պատուիրակութեան հետ խորհրդակցեցաւ ռազմական ոլորտի մէջ գործակցութեան ամրապնդման միջոցներուն շուրջ։