Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի ներկայութեամբ, Մարմնամարզութեան եւ Երիտասարդութեան Նախարարութիւնը Երկուշաբթի օր, Դամասկոսի մէջ վերաբացումը կատարեց բարեկարգուած «ալ-Ֆայհա» մարզասրահին։ Բացումը յատկանշուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի պասքեթի ազգային հաւաքականներու միջեւ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումով:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, նախագահը յայտնեց, որ պասքեթը միշտ եղած է իր սիրելի մարզաձեւը, սակայն զայն լքած է պատերազմներու եւ բազմաթիւ հարցերու բերումով՝ անցնելով «մարզանքի նմանող այլ խաղի մը», որ նոյնպէս ունի յարձակում, ծրագիր, պաշտպանողականութիւն, պարտութիւն եւ յաղթանակ:
Նախագահը դիտել տուաւ, որ մարզասրահի վերաբացումը միայն սկիզբն է, եւ ապագան աւելի մեծ իրագործումներ կը խոստանայ։ Ան նաեւ դրուատեց Մարմնամարզութեան եւ Երիտասարդութեան նախարարին թափած ջանքերը՝ սրահի վերանորոգման աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտին հասցնելուն համար։
Իր խօսքի աւարտին նախագահը անդրադարձաւ սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդներու դարաւոր կապերուն՝ շեշտելով, որ անոնց միջեւ միշտ տիրած է բարի ու գեղեցիկ յարաբերութիւն, որ յաճախ կը վտանգուի քաղաքականութեան հետեւանքով։ Ան դրական համարեց այն իրողութիւնը, որ երկու երկիրներու միջեւ առաջին միատեղ ձեռնարկը պասքեթի մրցում մըն է, աւելցնելով, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յատուկ կանոն մը կայ՝ «չկայ յաղթող եւ պարտուող», որովհետեւ որեւէ կողմի յաղթանակը՝ յաղթանակ է բոլորին համար: