Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Նախագահութեան մամլոյ գրասենեակը յայտնեց, որ նախագահ Շարաա Երեքշաբթի, 21 Ապրիլին Ծոցի երկիրներ այցելութեան շրջագիծին մէջ նախ մեկնած է Սէուտական Արաբիա։

Աղբիւրին համաձայն, այցելութեան ընթացքին աշ-Շարա բանակցութիւններ պիտի վարէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմետ պըն Սալման իշխանին հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։