Ատրպէյճան մշտապէս դիմում կը ներկայացնէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին` խնդրելով վերացնել միջանկեալ միջոցը, որով Ատրպէյճան պարտաւոր է պարբերաբար հաշուետուութիւն ներկայացնել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու պահման պայմաններուն, անոնց առողջական վիճակին մասին: Ատրպէյճան կը հաւաստիացնէ, որ բոլոր գործընթացները կ՛ընթանան թափանցիկ եւ հրապարակային:

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը 9 Ապրիլ 2026-ին մերժեց Ատրպէյճանի հերթական դիմումը` Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պարտաւոր համարելով շարունակել տրամադրել տեղեկութիւններ կալանաւորուածներու պահման պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց վերջին բժշկական քարտերու ու իրականացուած բժշկական հետազօտութիւններուն եւ բուժման վերաբերեալ այլ փաստաթուղթերու մասին: Դատարանը կը ստիպէ նաեւ ներկայացնել հայ գերիներուն դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի ծիրին մէջ տեղի ունեցած դատավճիռներու պատճէնները կամ այդ դատավճիռներու ամփոփագրերը, որոնք պէտք է ներառեն դատավճիռ արձակած դատաւորներուն հիմնաւորումները` գործին մէջ առկայ ապացոյցներուն վրայ հիմնուած:

Զեկուցումի ներկայացման յաջորդ վերջնաժամկէտը 31 Օգոստոս 2026 է: