Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լաթվիոյ նախագահ Էտկարս Ռինքեւիչսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն իրավիճակի կարգաւորման:

«Սպիտակ տան մէջ միացեալ հռչակագիրի ստորագրութենէն ի վեր տեղի ունեցած են բազմաթիւ իրադարձութիւններ: Սկսած են առեւտրական յարաբերութիւններ, մասնաւորապէս` քարիւղամթերքի արտահանումը Ազրպէյճանէն Հայաստան», ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն ըսած է Ալիեւ: