20 Ապրիլին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունեց Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Քեւըն Հեմիլթընը։
Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղոր-դագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան ներկայի ընթացքին եւ զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր։
Կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցերու։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հեմիլթընը ընդունեց նաեւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան: «Ընդգծած եմ Հայաստան-ՆԱԹՕ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման դրական տինամիքան (զարգացումը): Իր հերթին Քեւըն Հեմիլթըն կարեւորած է ՆԱԹՕ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններուն Հայաստանի ներգրաւուածութեան արդիւնքով ձեւաւորուած գործակցութիւնը», կը յիշուի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի գրասենեակին յայտարարութեան մէջ: