Արցախի թեմէն կը յայտնեն, որ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ հիմնայատակ քանդուած է Ս. Յակոբ եկեղեցին։ Թեմը խստիւ
կը դատապարտէ այդ արարքը:
«Տարիներ շարունակ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եղած է Ստեփանակերտի հոգեւոր կեանքի կեդրոնը, ուր հազարաւոր արցախցիներ իրենց սրտաբուխ աղօթքները բարձրացուցած են առ Աստուած, եւ ուր ամէն Կիրակի բաշխուած են մեր տէր եւ փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը:
«Համակարգուած, նպատակային եւ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային այս ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ, ասոր խօսուն վկաներն են նաեւ հիմնովին աւերուած Շուշիի
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, Տանձատափի, Մոխրենես գիւղի Ս. Սարգիս, Բերձորի Ս. Համբարձման, Մեխակաւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցիներն ու բազմաթիւ այլ սրբավայրեր:
«Ինչքան ալ անարձագանգ մնան մեր արդար դատապարտումները՝ ուղղուած մշակութային եղեռնի հետեւողական շարունակութիւնը չկանխող համաշխարհային կառոյցներուն, որոնք ստանձնած են այդ պարտականութիւնը, մենք աւետարանական այրի կնոջ պէս անընդհատ պիտի պահանջենք մեր արդար դատն ու իրաւունքը:
«Ուստի, վերստին կոչ կ’ուղղենք միջազգային համապատասխան կառոյցներուն միջամտելու՝ կանխելու համաքրիստոնէական արժէք հանդիսացող Արցախեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը», կը գրէ Արցախի թեմը:
Արցախի նախկին պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեան իր կարգին անդրադարձաւ եկեղեցւոյ աւերման՝ «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրելով. «Խիստ ցաւալի է, բայց սպասելի իրականութիւն… Ալիեւեան ցեղասպանական վարչակարգը հիմնայատակ աւերած է նաեւ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին՝ բռնազաւթուած Արցախէն հայկական ժառանգութեան ոչնչացման իրենց հետեւողական քաղաքականութեան հաւատարիմ:
«Բան չունի՞ ըսելիք Փաշինեանի վարչակարգը, որ անընդհատ
կը շեփորահարէ «հաստատուած խաղաղութեան» մասին եւ պատրաստ էր աջակցելու նոյնիսկ Պաղեստինի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան:
«Դեհ, դուք «խնամեցէք» Ալիեւի «խաղաղութիւնը», իսկ ինքն ալ
«կը խնամէ» մեր ժառանգութիւնն ու ինքնութիւնը, որուն համար չմոռնա՛ք շնորհակալութիւն յայտնել եղբայրական վարչակարգին…
«Այո, երեւի այս եկեղեցին ալ չուզողներն ու վրէժխնդիրները քանդած են ի հեճուկս «հաստատուած խաղաղութեան» եւ «հայ-ատրպէյճանական դարաւոր բարեկամութեան», գրած է ան: