Աշխարհաքաղաքական բարդ ժամանակահատուածի մը մէջ, ուր աշխարհակարգ մը կը փլի ու նորը տակաւ կ’ուրուագծուի, Հայաստան Ազգային ժողովի ընտրութեան կը պատրաստուի՝ գործող իշխանութիւններուն ամէն գնով վերարտադրուելու տենչին եւ անոր քաղաքական ուղեգիծին հակադրուած ընդդիմութեան միջեւ բուռն  բեւերացումով յատկանշուող ներազգային  իրադրութեամբ, ուր ընտրութիւնը ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութենէն շատ աւելի անդին՝ իշխանութիւններուն արտաքին ճակատի վրայ  յանձնուողական եւ ներքին ճակատի վրայ  ազգային ինքնութեան կռուաններու կազմաքանդման քաղաքականութեան  շարունակման կամ կասեցման hամաժողովրդային հանրաքուէի իմաստ կը ստանայ։ Այս իսկ պատճառով, 7 Յունիսին կայանալիք  ընտրութիւնը կը ներկայանայ մեզի իբրեւ համազգային մարտահրաւէր իր ընկերային, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական պատճառահետեւանքային ամբող-ջութեամբ։
Այս ենթախորքին, քուէատուփով իշխանափոխութիւն յառաջացնելու նորագոյն կարելիութիւն մը կայ այսօր, զոր պէտք չէ մսխել։ Այս իրողութիւնը լաւ հասկցած է ընդդիմութիւնը միայն, որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը համադրէ իր կարողականութիւնը առաւելագոյնս համախմբուելով,  յանուն հայրենիքի ու ազգի  գոյատեւումին իշխանափոխութիւն իրականացնելու կը ձգտի՝ հեռու նեղմիտ հաշուարկներէ։
Ազգային Միասնութեան գաղափարը աւելի մարսուած կ’երեւի ընդդիմութեան կողմէ, մինչ իշխանութեան համար՝ ազգային գաղափարախօսութիւնը կը շարունակէ հիմնական խոչընդոտ նկատուիլ իր քաղաքական ծրագրերուն իրականացումին, եւ աներկբայօրէն
կը շարունակէ իր վերարտադրման ճիգերը կարծէք հայաքանդումի յանձնառութիւնները լրումին հասցնելու հեւքով , նոյնիսկ արտաքին ուժերու նեցուկին ու ոսոխին տեղին միջամտութեան ապաւինելով, չի վարանիր նոյնիսկ սեփական ժողովուրդը եղկելի հաւասարութեան մը առջեւ դնելէ յանցագործի ծածկամտութեամբ մը, երբ կը  յայտարարէ  «Եթէ ԱԺ ընտրութիւններուն իշխանութիւնը սահմանադրական մեծամասնութիւն չապահովէ, այդ  պիտի նշանակէ անխուսափելի աղէտաբեր պատերազմ», որուն թուականն ալ  կը ճշդէ՝ յառաջիկայ Սեպտեմբեր ամիսը, բնականաբար ասոր մեղքն ալ բարդելով ընդդիմութեան վիզին, քանի որ ան է  իր վերարտադրման արգելքը, այսինքն ինքզինք կը ներկայացնէ խաղաղութեան գրաւական, մինչ ընդդիմութիւնը անթաքոյց
կը յայտարարէ, թէ ինք «արժանապատիւ եւ երաշխաւորուած խաղաղութեան հետ է»։
 Հարաւային Կովկասը յայտնուած է արեւելքի ու արեւմուտքի դարպասումներու կիզակէտին, տարածաշրջանի ազդեցիկ պետութիւնները՝ Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան, բոլորովին նոր իրադրութեան մը մէջ յայտնուած են՝ Արեւմուտք-Ռուսիա եւ Իրան-ԱՄՆ բուռն հակամարտութիւններուն պատճառով, իսկ տարածաշրջանային հարթակի վրայ մերթ իրար հետ ներդաշնակուող եւ յաճախ ալ  հակադրուող իրենց շահերով ու նոր աշխարհակարգի գնացքին մէջ պատուաւոր տեղ գրաւելու նկրտումներով։ Անոնց անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող Հայաստանն ու պարզած իրողական վիճակը այս օրերուն, բնականաբար, կը գտնուին համայն հայութեան կիզակէտին։
Իշխանութիւնը,  գիտակցաբար թէ անգիտութեամբ, հայ ազգային ինքնութիւնը հակադրելով իր քաղաքականութեան եւ զայն խոչընդոտ նկատելով հայ պետականութեան, ինքնին կը հակադրուի սփիւռքին, որու գոյութեան կենսաւիշը եղա՛ծ էր եւ է՛ Հայ ազգային ինքնութեան  պահպանումը՝ իր ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական այլաբնոյթ ստորոգելիներով։
Իրողապէս այս ընթացքով ան ծառայութիւն կը մատուցէ սփիւռքը իր գլխաւոր թշնամին նկատողին եւ արջու ծառայութիւն՝ Հայրենիք-Սփիւռք միասնականութեան։
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի պարզած իրավիճակին պատասխանատուն մենք չենք։ Առ այդ, պէտք է խուսափիլ  բացասական հետեւանքներէն, այս մէկը բնականաբար կ’ենթադրէ խելամիտ քաղաքականութեան կիրառում, որ սակայն երբեք չի նշանակեր համակերպում եւ գերիշխանութեան կամ տարածքներու  զիջում։ Պէտք է գիտակցիլ, որ ո՛չ մեր պարտականութիւնն է, եւ ոչ ալ մերօրեայ կարողականութիւնը բաւարար է պատուարելու հին եւ նոր աշխարհակարգերու մակընթացութիւնը, բայց մեր համայնական կարողականութեան լարումը բաւարար է յանձնուողականութեան առաջքը առնելու, մեր ազգային ինքնութիւնը պահելու, գերուժերու հաշուարկներուն խաղաքարտ չդառնալու եւ նոր ուրուագծուող աշխարհակարգի գնացքին մէջ որպէս արժանապատիւ մասնակից ինքնուրոյն ազգ-երկիր մնալու։ Ազգային ինքնութեան պահպանումն ու գերիշխան պետականութիւնը ազգի արժանապատիւ գոյերթին երաշխիք կը հանդիսանան։
Սա մարտակոչ չէ, այլ հրամայական պահանջ։ Ի զուր է ստրկամտութիւնը խաղաղասիրութիւն, իսկ՝ արժանապատուութեան վերականգնման պահանջը պատերազմասիրութիւն անուանելը։
Գրիգոր Տունկեան