GPS
GPS-ը ըսաւ.
«Երկու հարիւր մեթր վերջ՝
թեքուի՛ր աջ»։
Քալեցի՝
ձայնի մը հետեւելով,
որ քարտէզագրած էր
կեանքիս երթուղին։
Ձայնը պարզ էր,
ճամբան՝ ոչ-
կեանքիս պէս
անորոշ։
Ամէն թեքումի,
ազդանշան մը՝
կարմիր գծիկ,
ետ դարձ ուղի,
արագութեան կուզ։
Յետոյ պահ մը
GPS-ը ներողութիւն խնդրեց,
ու լռեց։
Եւ ես թեքուեցայ
առանց հրահանգի-
առաջին անգամ՝
ճիշդ կողմը։
ՎԱԽ
Մայրս
գիշերուան լոյսը մարելուն
«Մի՛ վախնար»
կ’ըսէր։
Մութէն չէ –
կեանքէն
վախցած ըլլաս,
չգիտնալով։
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ
Այս քաղաքը
չես սիրեր –
միայն կը վարժուիս։
Պատերուն վրայ գրութիւններ կան,
ոչ ոք կը կարդայ։
Բոլորը գրող ըլլալ կ’ուզեն։
ՎԵՐՋ
Երբ ամէն ինչ վերջացաւ,
գիտէի-
թէ ոչինչ սկսած էր։
Կեանքս հաւանաբար
քու բացակայութիւնն էր,
որ ես ինքնախաբէութեամբ
կը կոչէի՝ երջանկութիւն։
ARENA
Իւրաքանչիւր երեկոյ –
երբ հայրս գործէն տուն կը վերադառնար,
gladiator-ի նման՝
լուռ,
պայքարով,
կեանքը,
ինծի համար,
կը վերածուէր arena-ի։
Ոչ թէ պարզ բեմ մը՝
այլ փակ օղակ։
Եւ ես՝
լուռ դիտորդ,
կը սորվէի կամաց-կամաց,
որ ամէն վերադարձ
նոր ճակատամարտ մըն է՝
արիւնոտ իր անխօսութեան մէջ։
Այդպէս՝
երեկոները կը փակուէին
անյայտ ազդանշանով մը –
եւ մեր տունը
կը դառնար
մէկ աւելի arena։
PABLO PICASSO
Դէմքը երկուքի բաժնեց,
ոչ ոք առարկեց։
Որովհետեւ աշխարհը
արդէն համաչափ չէր։
Picasso-ն նկար չստեղծեց,
իրականութիւնը
նորովի դասաւորեց։
VANDALISM
Քարի վրայ գրուած անուն մը
աւելի երկար կ’ապրի,
քան այն ձեռքը
որ զայն քանդեց։
Ապակիները կը ճեղքուին
ինչպէս վստահութիւնները։
Քանդելն ալ արուեստ է,
բայց առանց յիշողութեան։
Սարգիս Քէլ Խաչերեան