Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հաստատեց, որ Սուրիա կը գտնուի համապարփակ վերաշինութեան փուլի մէջ, որուն առանցքը կը կազմեն միջազգային յարաբերութեանց վերականգնումն ու պետութիւններու միջեւ վստահութեան ամրապնդումը։ Այս ընթացքին զուգահեռ, պիտի իրագործուի աստիճանական քաղաքական ծրագիր մը, որ հիմնուած է ազգային երկխօսութեան եւ սահմանադրական յայտարարութեան վրայ՝ աստիճանաբար ուղղուելու ազատ ընտրութիւններու իրականացման։
Չորեքշաբթի, Լոնտոնի մէջ գտնուող «Չեթըմ Հաուզ» Միջազգային յարաբերութեանց թագաւորական հաստատութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, նախագահ Շարաա շեշտեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը վճռակամ է զէնքի կիրարկումը սահմանափակելու միայն պետական ոլորտի մէջ եւ հաստատելու օրէնքի գերակայութիւն՝ միաժամանակ յանձնառու մնալով ազատութիւններու երաշխաւորման՝ իրաւական ու սահմանադրական յստակ շրջանակի մը մէջ։
Նախագահը պարզաբանեց նաեւ, որ Սուրիա կ’որդեգրէ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ հեռու կը մնայ բախումներէ եւ կը քաջալերէ բանակցային լուծումները։ Ան աւելցուց, որ գլխաւոր թիրախը պիտի ըլլայ երկրի վերաշինութիւնն ու գաղթականներու վերադարձի պատշաճ պայմաններու ստեղծումը՝ շեշտելով, որ անցումային արդարադատութեան գործընթացը պիտի հիմնուի իրաւական այնպիսի հիմքերու վրայ, որոնք կ’ապահովեն թէ՛ հաշուետուութիւնը եւ թէ՛ քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանումը։