Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Բրիտանիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Շուպանա Մահմուտի հետ, ներկայութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանիի եւ գաղտնի սպասարկութեան համակարգի պետ Հուսէյն Սալամէի:
Կողմերը շեշտեցին երկու երկիրներու գործակցութեան ամրապնդման եւ փորձառութիւններու փոխանակման կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր խաղաղութեան հաստատման եւ միացեալ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման: