Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խալիլ Շիրղոլամիի բնորոշումին համաձայն, Հայաստանի ու Իրանի միջեւ սահմանը խաղաղութեան սահման է, հետեւաբար այդ տեսանկիւնէն ունի կենսական նշանակութիւն։ «Արմէնփրէս»-ի հետ բացառիկ զրոյցի ընթացքին Խալիլ Շիրղոլամի այդպէս գնահատած է երկու երկիրներու միջեւ պետական սահմանի նշանակութիւնը՝ յատկապէս վերջին օրերուն Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու լոյսին տակ։

«Անձամբ հանգստեան օրերուն այցելած եմ սահմանային անցակէտ եւ իրանական կողմին հետ հանդիպումներ ունեցած եմ սահմանային, ապահովական ու մաքսային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Քննարկած ենք բազմաթիւ հարցեր, ընդ որում, անդրադարձած ենք ոչ միայն ներկայ իրավիճակային հարցերուն, այլեւ ընդհանուր առանցքային հարցերուն, որոնք առնչուած են ցամաքային սահմանին առնչուող որոշ մարտահրաւէրներու։ Հայկական կողմը իր կարգին բարձրաձայնած էր քանի մը մտահոգութիւններ՝ առնչուած նոյն մարտահրաւէրներուն, հետեւաբար քննարկեցինք այդ հարցերը։ Վստահ ենք, որ լուրջ խնդիրներ չկան եւ բոլոր հարցերը պիտի լուծուին», յայտնած է դիւանագէտը։ Դեսպանը հաստատած է նաեւ, որ պարբերաբար կը խօսի սահմանային ծառայութեան աշխատակիցներուն հետ եւ աւելցուցած, որ այս ընթացքին որեւէ արտակարգ դէպք չէ գրանցուած։

«Սահմանին խառնաշփոթ վիճակ կամ կուտակումներ չկան։ Վերջին օրերուն Իրանէն Հայաստան եկող բեռնատարներուն հոսքը նուազած է, բայց ատիկա կապուած է իրանական Նեւրուզի տօնին։ Մարդիկ իրենց ընտանիքներով կը յիշատակեն ազգային տօնը», շեշտած է Շիրղոլամի։

Դիւանագէտը յայտնած է նաեւ, որ հանդիպած է Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանի հետ՝ ունենալով արդիւնաւէտ քննարկում թէ՛ մարզի, թէ՛ անցակէտի հետ առնչուած հարցերուն շուրջ։