28 Մարտին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են:
Հայկական կողմին հաղորդումով` Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով «գոհունակութեամբ յայտնած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հետագայ կարգաւորման գործընթացին առնչուող առկայ դրական զարգացումները»:
Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են նաեւ շրջանային եւ այլ հարթակներու մէջ գործակցութեան կարեւորութիւնը: