Այսօր՝ Չորեքշաբթի, իրաքեան վառելանիւթի առաջին կարաւանները սկսան մուտք գործել սուրիական հողեր՝ «Թանաֆ» սահմանային անցակէտէն ուղղուելով դէպի Պանիասի զտարան։ Այս քայլը նախապատրաստութիւնն է վառելանիւթը միջազգային շուկաներ արտածելու, ինչ որ կը հաստատէ Սուրիոյ տարածաշրջանային առանցքային դերը եւ անոր ռազմավարական դիրքը՝ իբրեւ կենսական դարպաս դէպի Միջերկրական ծով։
Սուրիական Նաւթի Ընկերութիւնը իր թելեկրամեան ալիքով յայտնեց. «Շարասիւներու յաջորդական ժամանումին զուգահեռ, ընկերութեան արհեստագիտական խումբերը պիտի սկսին վառելանիւթի պարպումի գործողութիւնները՝ զանոնք ամբարելու համար յատուկ շտեմարաններու մէջ։ Այնուհետեւ, նիւթը պիտի փոխադրուի Պանիասի նաւթային նաւահանգիստը՝ արտածման համար նախատեսուած նաւերը բեռցնելու նպատակով։ Այս գործընթացը կը վկայէ սուրիական ենթակառոյցներու պատրաստուածութեան եւ տեղական անձնակազմի հմտութեան մասին՝ տարանցիկ գործողութիւնները բարձրագոյն չափանիշերով կառավարելու իմաստով»։