Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2026-ին, նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա եւ իրենր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Լոնտոնի «Ռիֆորմ Քլապ»-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցան բրիտանական խոշոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ բրիտանացի եւ սուրիացի գործարարներու հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ տնտեսական ու ներդրումային գործակցութեան սերտացման միջոցները, որոնց նպատակն է զօրացնել գործարարութեան միջավայրն ու ներդրումային պատեհութիւնները՝ ի խնդիր երկկողմանի շահերուն։

Նախագահ Շարաա իր խօսքին մէջ շեշտեց.
«Մենք այսօր մեր քանդուած երկրի վերաշինութեան իրական պայքարին մէջ ենք։ Սուրիան բոլորին համար չափազանց կարեւոր առիթ մըն է եւ ներկայիս աշխարհի լաւագոյն ներդրումային կարելիութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ»։

Այս հանդիպումը մաս կը կազմէ Նախագահ Շարաաի եւ նախարարական պատուիրակութեան Միացեալ Թագաւորութիւն կատարած պաշտօնական այցելութեան։ Այցի շրջագիծէն ներս, նախագահը տեսակցեցաւ նաեւ բրիտանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ զարգացման ու ներդրումային մարզերուն մէջ գործակցութեան ընդլայնումը։