Իսրայէլի գործողութիւնները Լիբանանի դէմ ներկայիս կեդրոնացած են երկրին հարաւային շրջանին վրայ. թէեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները մերթ ընդ մերթ կը հրթիռակոծուին, սակայն հիմնական ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին հարաւային ուղղութեամբ։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Փաստինֆօ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ նպատակ դրած է անվտանգութեան գօտի մը ստեղծել, քանի դեռ Իրանն ու ԱՄՆ-ը համաձայնութեան չեն եկած։ Ան դիտել տուաւ, որ իսրայէլեան զօրքերը, թէեւ դանդաղ, բայց որոշ յառաջխաղացք արձանագրած են։

«Ներքաղաքական գետնի վրայ որոշ մտահոգութիւններ կան։ Լիբանանի իշխանութեանց վերջին քայլը՝ Իրանի դեսպանին մինչեւ Կիրակի երկիրը լքելու պահանջը եւ զայն «անցանկալի անձ» յայտարարելը, միանշանակ չընդունուեցաւ։ Այս հարցին շուրջ հակադիր տեսակէտներ կան, սակայն միաժամանակ զսպուածութեան ճիգեր կը գործադրուին, որպէսզի ներքին լարուածութիւնը չխորանայ ու բախումներու չյանգի», ըսաւ Գանտահարեան։

Վերլուծաբանին համաձայն, Իսրայէլ մտահոգ է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ հաւանական բանակցութիւններով։ Թրամփի յայտարարութիւններուն զուգահեռ, Իսրայէլ կը ջանայ իրագործել իր նպատակները՝ յատկապէս հարաւային հատուածին մէջ, նախքան բանակցութիւններու սկսիլը։ Մտահոգութիւնները խոր են նաեւ ընկերային եւ տնտեսական հարցերու, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու մեծաթիւ հոսքին պատճառով, որ արդէն հասած է շուրջ մէկ միլիոն երեք հարիւր հազարի։

Գանտահարեան նաեւ տեղեկացուց, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է հայկական երեք քաղաքական կուսակցութիւններու, համահայկական մարմիններու եւ լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ժողովին ընթացքին քննարկուած է տիրող կացութիւնը եւ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ուղիները։

«Բնականաբար, զգօնութեան եւ սթափութեան կոչ ուղղուեցաւ հայութեան՝ որեւէ ձեւով չներքաշուելու ներքաղաքական լարուածութիւններուն մէջ։ Բացի այդ, քանի որ պատերազմը տարածաշրջանային բնոյթ ունի, արծարծուեցաւ նաեւ արաբական զանազան երկիրներու եւ Իրանի հայ համայնքներուն վիճակը՝ յատկապէս Իրանի պարագային կրած նիւթական վնասներն ու անվտանգութեան հարցերը։ Կոչ ուղղուեցաւ համակարգուած ձեւով հետեւելու իրադարձութիւններուն եւ խորհրդակցութիւնները շարունակական դարձնելու։ Նաեւ յորդորուեցաւ հայկական բարեսիրական միութիւններուն՝ միասնաբար գործել յառաջիկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար», եզրափակեց Գանտահարեան։