Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյին կողմէ այսօր դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ փոխանցուեցան Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանատան։
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, «Երկիր»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այս մարդասիրական օգնութիւնը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է Իրանի ժողովուրդին հանդէպ, քանի որ Հայաստանի եւ Արցախի դժնդակ օրերուն, դրացի ու բարեկամ Իրանը միշտ եղած է հայ ժողովուրդին կողքին։
«Անշուշտ, որեւէ օգնութիւն բաւարար չէ բարեկամ Իրանի ժողովուրդին ցաւը մեղմացնելու կամ սփոփելու համար, բայց որպէս մարդ եւ որպէս բժիշկ՝ պարտաւոր ենք ցաւի ու վիշտի մէջ գտնուող մարդոց նեցուկ կանգնիլ», ըսաւ «Տօնոյեան» բժշկական կեդրոնի վիրաբոյժ, 44-օրեայ պատերազմի մասնակից Հենրիկ Մարգարեան։ Ան նաեւ նշեց, որ բժշկական պարագաները ընտրելու ժամանակ իրեն օգնած է պատերազմի դաշտին վրայ ձեռք ձգած փորձառութիւնը։
Մարդասիրական օգնութիւնը ընդունեց Հայաստանի մօտ Իրանի փոխդեսպանը, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց այս դժուարին օրերուն Իրանի ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելնուն համար։