Սուրիոյ Ծրագրման եւ Վիճակագրութեան Վարչութեան նախագահ Անաս Սալեմ, Դամասկոսի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ մօտ Իտալիոյ դեսպան Սթեֆանո Ռաֆանիանը։ Յիշեալ վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ բոլոր մարզերէ ներս գործակցութիւնը զարգացնելու միջոցները։

Ըստ վարչութեան յայտարարութեան, Անաս Սալեմ այսօր՝ Երեքշաբթի, մատնանշած է Սուրիոյ մէջ տնտեսական եւ ներդրումային դաշտերէն ներս արձանագրուած փոփոխութիւնները։ Ան շեշտած է իր գլխաւորած վարչութեան դերակատարութիւնը՝ պետական կառոյցներու հետ ռազմավարական ծրագրերու մշակման եւ անհրաժեշտ տեղեկատուութեան հայթայթման առումներով։
Իր կարգին, Իտալիոյ դեսպանը վերահաստատած է իր երկրի հետաքրքրութիւնը՝ սուրիական կողմին հետ մշտական հաղորդակցութեան եւ տեղեկութեանց փոխանակման հարցով։ Դեսպանը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտած է Սուրիոյ որդեգրած ռազմավարութիւնները, յատկապէս երկրագործութեան (հողագործութեան) մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային շուկաներու մէջ Սուրիոյ համար առաջնահերթ նկատուող բնագաւառներու ճշդումը։
Ռաֆանիան նաեւ ընդգծած է Սուրիոյ տնտեսական կարեւորութիւնը եւ անոր դերը՝ որպէս տարանցիկ փոխադրութեան կարեւորագոյն հանգոյց, յատկապէս Հորմուզի նեղուցի փակումէն ետք։ Ան շեշտած է իտալա-սուրիական նոր յարաբերութիւններ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը։