Երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու եւ գործընկերութեան դաշտը ընդլայնելու նպատակով, Սուրիա Երկուշաբթի օր, Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ օդային փոխադրութեան առնչուող գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան հետ։
Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին սուրիական կողմը ներկայացուց Քաղաքացիական Թռիչքներու եւ Օդային Փոխադրութեան Ընդհանուր Վարչութեան նախագահ Օմար ալ-Հուսարի, իսկ գերմանական կողմը՝ Փոխադրութեան Նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Քլոտիա Էլիֆ Շթութց։
Այս համաձայնագիրը կու գայ զօրացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները քաղաքացիական թռիչքներու բնագաւառէն ներս եւ վերակենդանացնել երկու երկիրներու միջեւ օդային երթեւեկը։ Այս քայլը պիտի նպաստէ օդանաւային ընկերութեանց գործունէութեան ծաւալման, ճամբորդներու եւ բեռնատարներու փոխադրութեանց աճին, ինչպէս նաեւ ներդրումային գործընկերութեան զարգացման։ Միեւնոյն ատեն, պիտի արդիականացուին օդային փոխադրութեան կանոնակարգերը՝ զանոնք համապատասխանեցնելով միջազգային չափանիշերուն։
Յիշեցնենք, որ Նախագահ Շարաա Պերլին ժամանած էր Կիրակի օր, գլխաւորելով նախարարական պատուիրակութիւն մը։ Պաշտօնական այցելութեան շրջագիծով նախագահը տեսակցութիւններ ունեցաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման հեռանկարներն ու զանազան մարզերէ ներս գործակցութեան կարելիութիւնները։