Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2026-ին, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա, նախարարական պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոն ժամանեց։

Այցելութեան ընթացքին նախագահը Բրիտանիոյ պետական պատասխանատուներու հետ խորհրդակցեցաւ երկու երկիրներու յարաբերութեան զարգացման եւ գործակցութեան ամրապնդման միջոցներուն շուրջ։

Բրիտանիոյ վարչապետ Կիր Սթարմըր ընդունեց Սուրիոյ նախագահը Լոնտոնի նախագահութեան կեդրոնէն ներս։