Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 30 Մարտին ընդունած է Հայաստանի մէջ Քաթարի Պետութեան նորանշանակ դեսպան Մանսուր Ապտալլա ալ-Սուլայթինին:
Ալէն Սիմոնեան շնորհաւորած է դեսպան ալ-Սուլայթինին՝ այս առաքելութիւնը ստանձնելուն առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Քաթարի առաջին տեղակալ դեսպանի նշանակումը կը նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: