Հրապարակուեցաւ Արցախի նիւթական մշակոյթի յուշարձաններուն նուիրուած «Արցախի Հանրապետութեան Պատմամշակութային Ժառանգութիւնը» ուսումնասիրող երկհատորը: Անիկա կը բաղկանայ 1088 էջերէ. նշանակալի պատկերագիրքը ամբողջական կերպով իր մէջ կը ներառէ 5658 յուշարձաններ` ընդգրկելով Արցախի Հանրապետութեան եօթը վարչական շրջանները եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ներկայացնող 308 բնակավայրերը:

Սոյն գործին մէջ համակարգուած ձեւով արձանագրուած են Արցախի տարածքին մէջ հազարամեակներու ընթացքին ստեղծուած յուշարձանները` ներառելով թէ՛ կանգուն եւ մասամբ պահպանուած, թէ՛ ոչնչացուած օրինակները: Յուշարձաններու փաստագրութիւնը հիմնուած է մասնագէտներու, որոնց կարգին հեղինակներու դաշտային ուսումնասիրութիւններու եւ արխիւային նիւթերու վրայ: Գիրքին հեղինակներն են՝ դոկտոր փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, Մելանեա Բալայեան, Սլաւա Սարգսեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան։

«Արցախի Հանրապետութեան Պատմամշակութային Ժառանգութիւնը» ուսումնասիրութեան իւրայատկութիւնը կը կայանայ այն երեւոյթին մէջ, որ հեղինակները երկհատորեակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով փորձած են ամբողջական տեսքով գոյքագրել, հաշուարկել Արցախի տարածքին մէջ եղած յուշարձանները, նոյն ատեն տալով անոնցմէ առաւել նշանաւորներուն թէկուզ համառօտ պատմութիւնը: Ուսումնասիրութեան մէջ նիւթական մշակոյթի յուշարձաններուն զուգահեռ անդրադարձներ կան նաեւ այդ բոլորը ստեղծած մարդոց կենսագործունէութեան պատմական միջավայրին, այն է` վերոնշեալ բնակավայրերու համառօտ պատմութեան:

Այս ուսումնասիրութիւնը միաժամանակ կոչ է համաշխարհային հանրութեան` փրկելու համամարդկային նշանակութիւն ունեցող մշակութային այդ ժառանգութիւնը, որ ողբերգականօրէն եւ դիտմամբ արդէն իսկ վնասուած, փոփոխուած է. կամ կը գտնուի վերջնական ոչնչացման սպառնալիքին տակ:

«Արցախի Հանրապետութեան Պատմամշակութային Ժառանգութիւնը» ուսումնասիրութեան իւրայատկութիւնը կը կայանայ այն երեւոյթին մէջ, որ հեղինակները երկհատորեակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով փորձած են ամբողջական տեսքով գոյքագրել, հաշուարկել Արցախի տարածքին մէջ եղած յուշարձանները, նոյն ատեն տալով անոնցմէ առաւել նշանաւորներուն թէկուզ համառօտ պատմութիւնը: Ուսումնասիրութեան մէջ նիւթական մշակոյթի յուշարձաններուն զուգահեռ անդրադարձներ կան նաեւ այդ բոլորը ստեղծած մարդոց կենսագործունէութեան պատմական միջավայրին, այն է` վերոնշեալ բնակավայրերու համառօտ պատմութեան:

Այս ուսումնասիրութիւնը միաժամանակ կոչ է համաշխարհային հանրութեան` փրկելու համամարդկային նշանակութիւն ունեցող մշակութային այդ ժառանգութիւնը, որ ողբերգականօրէն եւ դիտմամբ արդէն իսկ վնասուած, այլափոխուած է. կամ կը գտնուի վերջնական ոչնչացման սպառնալիքին տակ: