ՔԻՉ ԸՍԵՄ, ՇԱՏ ՀԱՍԿՑԻ՛Ր
1- ԸՆԿԵՐԸ
Իրական ընկերը
անկումիդ ժամանակինը չէ,
այլ ոտքի կանգնածիդ՝
ձեռքդ լուռ բռնողն է։
2- ՍՊԱՍՈՒՄ
Եթէ ամէն սպասում
վարձատրութիւն ունենար
բոլորս
ստոյգ,
կը պաշտօնագրուէինք:
3- ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Իշխանութիւնը
մարդոցմէ չի վախնար:
Կը վախնայ
որ անոնք
հասկնան թէ
ինչպէս կը գործէ։
4- ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ
Ցաւիդ ամէնէն վտանգաւոր կողմը
այն է,
որ կը վարժուիս
անոր հետ ապրիլ՝
առանց աղմուկի։
5- ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ
Մայթը
բարձր էր,
նայուածքը՝
աւելի։
Իրական արգելքը
մարմնին դիմաց չէր,
այլ՝
գլխուն մէջ։
6- ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
Կեանք մըն է՝
կորսուած,
հին փողոցներու
ջնջուած համարներուն պէս:
Անունը եթէ մոռնաս,
ուղղութիւնը միշտ
կը յիշես։
7- ՏՈՒՆԸ
Տունը
չորս պատ չէ։
Մեր բացակայութիւնն է,
որ
իրարու
կը հպինք։
8- ՀԱՒԱՏՔԸ
Խաւարին մէջ
փոքր լոյս մըն է,
չի լուսաւորեր միջանցքը,
բայց
քու վախդ
քիչ մը կը նուազեցնէ։
9- ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Քար ու հող,
բայց իմ ամբողջութիւն։
10-ՄԻԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ
Միայնութիւնը՝
խիտ բազմութեան մէջ
նկատուող
միակ բանն է:
Սարգիս Քէլ Խաչերեան