Տասնեակ տարիներէ ի վեր զաւակներս կը պնդեն՝ թէ պէտք է մեր տունն ու տեղը ձգենք ու ալ գաղթենք։ Ես դէմ էի այդ գաղափարին,
չէի ուզեր այդ քայլը առնել։ Քիչ մըն ալ համբերենք կ’ըսէի, «Աս ալ կ’անցնի», կ’ուզէի զիրենք քաջալերել, համոզել եւ համբերութիւն ներշնչել իրենց։ Համոզել ու հաւատացնել, բայց չէ՞ որ ես մայր եմ ու պէտք է զօրաւոր մնամ։
Եկուր տես որ դժուարութիւն մը կ’աւարտի, ուրիշ դժուարութիւն մը առաջ կու գայ։ Այդ դժուարութիւններու շարանը զաւակներուս համբերութեան բաժակը յորդեցուց։ Կը խոստովանիմ, որ անոնք իրաւացի էին։ Աս ալ կ’անցնի, ան ալ կ’անցնի, սակայն անոնց երիտասարդութիւնն ալ այդ դժուարութիւններուն հետ անցաւ։ Ալ ինչի՞ն համբերել, հետզհետէ պայմանները աւելի ու աւելի կը դժուարանային։
Որոշումը վերջնական էր։ Ետ դարձ չկար։ Մէկ ամսուան ընթացքին պէտք էր մեկնելու պատրաստ ըլլայինք։
Ճամպրուկս ինչպէ՞ս պատրաստեմ, ի՞նչ կրնամ տեղաւորել անոր մէջ, ընդամէնը երեսուն քիլոյի իրաւունք ունիմ։ Չորս կողմս կը դիտեմ… ի՞նչ ընել, ուրկէ՞ սկսիլ։ Տան իրերէն, կահաւորումէն, գիրքերէն, պատկերներէն եւ դեռ ինչերէ՜ ու ինչերէ՜։ Քառասուն տարուան պատմութիւն ունեցող տուն է, ի՛նչ ըսես հոն չկար։ Ամէն մէկ առարկայ, որ աչքէս կ’անցնի, պատմութիւն մը ունի։ Երբեմն ուրախ ժամերու վկաներն են անոնք, երբեմն ալ՝ դժուար։ Այդ բոլորը դիւրին տուն չեկան։ Ես ու գաղտնիքներուս պահարանը միայն, Աստուծոյ հետ միասին, գիտենք, թէ անոնք ինչպէ՛ս եկած են։
Զաւակներս, ի տես իմ իրար անցած վիճակիս թէ այսքան առարկայ ի՞նչ պիտի ընեմ, միշտ շփոթած ու իրար անցած կ’ըսէին.
– Մա՛մ, ուրիշին տո՛ւր կամ ծախէ՛, շատ մի՛ մտածեր, կամ ալ թափէ՛։
Խօսիլը դիւրին էր, բայց անոնց խօսքերը ո՛չ կրնային զիս համոզել, ոչ ալ վիճակս մեղմացնել ու զիս հանգստացնել։
Վիճակս աւելի բարդացաւ։ Օրուան ընթացքին անգամ մը պահարանիս առջեւ կեցած, անգամ մը գրադարանին, խոհանոցին մէջ կանգնած կը փորձեմ նուազագոյն իրերը վերցնել։ Կը մտածեմ՝ ինչ որ հետս չեմ կրնար տանիլ հարազատներու ու ծանօթներու առաջարկեմ, որ գան ու առնեն, սակայն կը յիշեմ անոնց խօսքերը, որ ամէն մէկը իր ունեցածէն ինչպէս ազատիլը չի գիտեր։
Գիշերներն ալ միտքս կը շարունակէր իր աշխատանքը, փոխանակ քնանալու, անկողինիս մէջ անգամ մը աջ, անգամ մը ձախ կը դառնայի, գիշերանոցս ալ հետս կը դառնար, կ’ոլորուէր նեղութիւն պատճառելով ինծի։ Աչքերս կը փակէի, խիստ փափաք ու պէտք ունէի քնանալու, բայց ուղեղս կը մերժէր քնանալ ու հանգստանալ։ Տանս առարկաները գլխուս մէջ շքերդ կազմակերպած էին, սկսած ամենափոքր իրէն, մինչեւ ամենամեծը կը տողանցէին մտքիս մէջ։ Ի՞նչ պիտի ընէի՝ տան վերմակները, ծածկոցները, սաւանները, հագուստներս, վերարկուներս, վզնոցներս եւ ձեռնոցներս, որոնք շատ կը սիրեմ ու յատուկ յուշեր ունին սրտիս մէջ։
Միտքս խաբելու համար, քանի-քանի անգամներ կրկնեցի՝ «Ալ պիտի չմտածեմ»։ Հազիւ քունը կը տանէր, այս անգամ երազիս մէջ կը տեսնէի տանս մեծ կտորներու բլուրին վրայ նստած, խոշոր, շատ խոշոր ճամպրուկի մէջ կը տեղաւորեմ իրերս, կամ գրադարանիս ծանր գիրքերը շալկած կը փորձեմ տեղաւորել ճամպրուկիս մէջ։ Ծանր ճամպրուկները կը փորձեմ շալկել, քաշքշել, բայց անոնք կշիռքէս աւելի ծանր կը դառնան…։ Անկողինէս վեր կը ցատկէի, սրտիս արագ տրոփումով, քրտնած ու շնչահեղձ։ Խորունկ կը շունչդ կը քաշէի, կը խաչակնքէի, գլուխս կրկին բարձին կը դնէի լիայոյս, որ կրկին աչքերս կրնամ փակել ու քնանալ։
Զաւակներս սկսան առողջութեամբս մտահոգուիլ։
– Մա՛մ, շատ մի՛ մտածեր, առողջութիւնդ ամէն ինչէ առաջ դասէ՛։ Թափէ՛ կամ ալ տան մէջ ձգէ՛ ու առաջ նայէ՛։
Ա՜խ, ինչպէ՞ս։ Եթէ լեզու ունենային այս իրերը, ամէն մէկ կտոր պիտի խօսէր իր յուշերուն եւ պատմութիւններուն մասին։ Մեր լուսանկարներէն սկսեալ, զաւակներուս մանկութեան բոլոր յուշերը՝ դպրոցական յուշերը մարմնաւորող թուղթ ու նկար, վկայականներ, գնահատագրեր, իրենց միութենական աշխոյժ կեանքի յուշեր, բանակումներ եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր։
Շատ մտածեցի եւ միտքս չարչարեցի։ Երբ հետզհետէ զգացի որ առողջութիւնս սկսաւ վրայ տալ, շատ յստակ որոշում առի, կշիռքի դնելով առողջութիւնս եւ կեանքի յուշերն ու իրերը։ Առողջութիւնս առաջնահերթութիւն էր։ Ի՞նչ կ’ուզէ թող ըլլայ, թող ամէն ինչ ծախու դրուի, նոյնիսկ թափուի, կամ տան մէջ մնայ ու փոշիներու տակ փճանայ։
Յուշերս ծախու են, վերջակէտ, նոր տող, գլխագիր։ Գաղափարը ընդունեցի եւ յանձնուեցայ։
Ճար չկայ, պէտք է համոզուիլ։ Վաղը՝ երբ ճամբորդենք, ինչե՜ր պէտք պիտի ունենամ ու կրկին դրամ պիտի դնեմ նորը առնելու համար, գուցէ դրամ ունենամ նորը առնելու, գուցէ ո՛չ։ Բայց ի՞նչ հարց, ունեցածովս
կը բաւարարուիմ։ Կարեւորը առողջ ու ապահով ապրելու ձգտումն է։ Կրկին ծիծեռնակի նման բոյն պիտի շինեմ, պիտի շինեմ ու երգեմ, եւ ուրախութեամբ պիտի երգեմ։ Հակառակ անոր որ մտքիս մէջ հարցադրումը զիս պիտի անհանգստացնէ յաճախ՝ արդեօ՞ք նոր յուշեր պիտի կարենամ կերտել հոն, արդեօ՞ք նոր յոյսեր եւ փայլուն ապագայ պիտի կարենա՞մ կերտել հոն, ո՞վ գիտէ…։
Սեւան Ա. Մանճիկեան