Շարունակենք ճանչնալ «սովետական մարդը»։ Ճիշդ չէ ընդհանրացնելը, քանի որ Աստուած կաղապարներ չէ գործածած ու մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ստեղծած է։ Սակայն, քանի որ սովետական երկրէն արտաքսուած էր Աստուած, ուրեմն իրենք նոր աստուածներ ծնած ու ըստ անոնց գաղափարներու (աւելի՝ կաղապարներու) ալ կը փորձէին ստեղծել մարդու համատարած մէկ տեսակ։ Բնականօրէն՝ նոր ստեղծուած հասարակարգի գաղափարական աճումին (նաեւ գաղափարազրկութեան) հետ մէկտեղ` դաստիարակութեան կերպերն ու զէնքերն ալ կը փոփոխուէին ու հակասութիւններ մէջտեղ կու գային։ Բայց երիտասարդութեանս շրջանին «սովետական մարդու» միջին տեսակ մը արդէն կազմաւորուած էր։ Ան տեսակ էր մարդոց, որոնք ընդհանրապէս ունէին բարձր մտաւորական պաշար, զարգացում, սակայն միայն կուսակցութեան (միա՛կը) կողմէ թոյլատրուած սահմաններու մէջ մտածելու ու հարցեր քննարկելու իրաւունք։
Դուն կարիք չունիս շատ խորը մտածելու, քու փոխարէն կուսակցութիւնը կը մտածէ։ Մարդեր, որոնք մեծցած էին ճառերու ու երգերու տակ, թէ «մեր երկրին մէջ» մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է իսկ մեր սահմաններէն դուրս՝ «կապիտալիստական աշխարհին մէջ», մարդիկ թշուառ են ու անիրաւուած․․․։ Սակայն այդ կարգերու հիմնադրուած օրէն սկսեալ սովետական մարդիկ միլիոններով կոտորուած, աքսորներու մէջ մաշած, զանազան ձեւերով նուաստացած ու հնազանդեցուած էին՝ միշտ «յանուն բարձր իտեալներու»։ Անոնց մանկութենէ ներշնչած էին, թէ դրամը չէ կեանքին մէջ կարեւորը, այլ նուիրումը Մեծ Գաղափարին, որ մարդկութեան փրկութիւնը պիտի բերէր։ Անձնական սեփականութիւն չկար, անձնական գործը (պիզնէս) բացարձակ արգիլուած էր։ Պետական էր ամէն ինչ ու պաշտօնեաներու վճարումը՝ սահմանուած․ անօթիներ չկային, հարուստներ ալ պիտի չըլլային․․․ Ու սակայն՝ անոնք կը ծլէին ընդյատակեայ ձեւով․ կուսակցական բարձր դիրքերու անձանց տուներու մէջ երբեմն դրամով լեցուն սենեակներ կը յայտնաբերուէին․․։ Կը նշանակէր թէ «բռնուածը» կաշառակերութեան ամուր աստիճանակարգի իրմէ վեր կեցած պաշտօնեայի բաժինը թերացած էր տալ։ Այդ տարիներուն խանութի, պահեստի, որեւէ հիմնարկի «պիւֆէի», մակապատէզի եւ այլ «եկամտաբեր» ասպարէզներու ղեկավար պաշտօններ ունենալը դիւրին չէր, ամէն պաշտօն իր «գինն» ունէր, երբեմն ալ պէտք էր «թիկունք ունենալ»։ Իսկ այդ դիրքին հասնող երջանիկները քանի մը տարիէն «կը շտկէին» իրենց ներկան ու ապագան ալ հետը։ Անոնք կեանքը կը «վայելէին»՝ հոգին ծախելու գնով։ Որպէսզի ստորին խաւը՝ սովորական սովետական մարդը չգայթակղի, աստիճանաբար թոյլատրուեցաւ (աչք գոցեցին), որ իւրաքանչիւրը իր աշխատավայրէն վերցնէ (չէ՜, գողնալ չէ․․․) ինչ որ տուեալ տեղէն հնարաւոր էր, օրինակ՝ ֆապրիքէն՝ շինանիւթ, հագուստ, կենցաղային այլ իրեր, դաշտերէն ու այգիներէն՝ հողին բարիքները, մանկապարտէզէն՝ մանուկներու համար յատկացուող սնունդ՝ կարագ, կաթ, միս եւ այլն, մէկ խօսքով, ըստ իր խիղճին, ուր ինչ կ’արտադրուէր գողնայ ու ձայնը կտրէ։ Նուաստացում ու բարոյազրկում նոյն ատեն, որուն հետեւանքները այդ տարիներուն ապրած շատերու վրայէն դեռ չէ սրբուած։ Կը յիշէ՞ք Ռուբէն Հախվերտեանին երգը՝ «Եզը»։ Անպայման գտէք ամբողջը ու կարդացէք․ ահա հատուած մը՝
Քո ծնուած օրուանից քեզ խաբել են, ցլի՛կ,
Քո գլուխը լցրել բթութեան մշուշով, իմ ցլիկ,
Քեզ կրտել են, ցլիկ, դարձրել բանող եզ,
Որ մինչեւ կեանքիդ վերջ աշխատես ճորտի պէս։
Եղիր հեզ, բանող եզ,
Եւ վարիր այս անվերջ սեւահողը,
Երբ կ’իջնի երեկոն, դու հանգիստ գնա գոմ,
Որոճա՛ քեզ բաժին ընկած խոտը,
Մինչեւ կը բացուի առաւօտը…
Ան արթնութեան կը կոչէր։ Այո՛, արդէն արթնցողներ ու արթնութեան կոչողներ կ’ըլլային, թէեւ անոնցմէ շատերուն հետքը յանկարծակի
կը կորսուէր։ Անոնք շատ խորհրդաւոր ձեւով մեքենայի վթարի կ’ենթարկուէին, հրդեհի կը մատնուէին կամ յանկարծակի կը խենթանային ու հոգեբուժարան կը նետուէին…։ Մինչեւ օրս կը յիշուին՝ Ֆրանսայէն վերադարձին  Մ. Սարեանի կտաւները այրուեցան Պոլիս, նաւու վրայ.  Մինաս Աւետիսեանի արուեստանոցի հրդեհին այրեցան անոր հրաշալի գործերը իսկ ինք, տակաւին շատ երիտասարդ՝ կասկածելի վթարէ մը մահացաւ.  Պարոյր Սեւակ վթարի ենթարկուելով մահացաւ ու հանգամանքները չլուսաբանուեցան։ Անոնց «մեղքը» ազգային ոգի ունենալը ու զայն իր ժողովուրդին փոխանցելն էր։ Կը խօսուէր եւ անուններ ալ կը տրուէին ոճիրները իրագործողներու, որոնք «խենթի վկայական» կը ստանային ու կը պրծէին դատուելէ…։ Կամ՝ համերգի պահուն յանկարծ լոյսը կ’անջատուէր ու երբ տային՝ երգիչը անհետացած կ’ըլլար…ընդմիշտ։ Ոմանք ալ նման ճակատագրերէ խուսափելով՝ երկրէն ակամայ դուրս ելան։ Դէպքերը բազում էին ու ժողովուրդը կը խօսէր, բայց… «սովետական մանուկերը» երջանիկ կ’երգէին՝
«Ես նման մի այլ երկիր չգիտեմ,
Ուր մարդը շնչում է այսպէս ազատ…»։
Ըստ բնութեան օրէնքի՝ ուր կայ ուժ, հոն կայ նաեւ հակաուժ, ուր կայ բռնութիւն, հոն անպայման պիտի ծագի նաեւ դիմադրութիւն։ Որքան որ գաղափարազրկումը ակնյայտ կը դառնար, նոյնքան շղթաները կ’ամրանային, երկիրը կը դառնար «Չարի թագաւորութիւն», ինչպէս որ զայն անուանած էր դերասան, ԱՄՆ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն։ Եւ այդ թագաւորութիւնը կործանողը կամ ժողովուրդները «ազատագրողը» եղաւ «ազատամիտ» նոր ղեկավարը՝ Կորպաչով՝ իր «փերեստրոյքայով»։
Ըստ երեւոյթին աշխարհը անդրադարձաւ, թէ երկրագունդին մէկ վեցերորդը գրաւած, այդ հարուստ պաշարներ ունեցող երկիրը տնտեսական հրաշալի շուկայ է, որ չ’օգտագործուիր։ Ու եղաւ «փերեստրոյքան»-վերակառուցում։ Բազում անյաջող փորձերէ ետք,
կը թուէր թէ արեւմուտքը յաջողեցաւ յաղթել ու տապալել «հիւսիսի արջը», երկիրը մասնատեցին ներքին ուժերու շնորհիւ, բայց որքա՞ն ժամանակի համար։ Արջը թօթուեց ինքզինք ու այսօր կը ցնցէ աշխարհը…։
Այդ շրջանին ալ սրամիտ մարդիկ զուարճախօսութիւն մը ստեղծեցին՝ «Առաջ կարճ շղթայով կապուած էինք ու արգիլուած էր հաջել, հիմա շղթան երկնցաւ ու կարելի է նաեւ հաջել»։ Այդ արդէն հասարակարգի մը աւարտին սկիզբն էր, որ ի սկզբանէ սխալ հունի մէջ ըլլալուն համար ենթակայ էր կործանումի՝ իր բոլոր ողբերգական հետեւանքներով։
Իրապէս շատ դժուար է ներկայացնել այդ ընկերութեան դրուածքը, հետեւաբար, աւելի լաւ պատկերացում ունենալ փափաքողներուն խորհուրդ կու տամ ընթերցել Պարոյր Սեւակի «Եղիցի Լոյս»-ը, բայց մանաւանդ՝ George Orwell-ի «Animal Farm» եւ  «1984» գիրքերը։ Ի վերջոյ, այս ամէնը մարդկութեան պատմութիւնն է եւ ոչ միայն սահմանափակ շրջանակի։ Ան այսօր ալ վերակազմուելու ճիգերու մէջ է։ Ան նաեւ գոյութիւն ունի երկրագունդի տարբեր կէտերուն վրայ ու միշտ ենթակայ է կրկնուելու։ Հետեւաբար՝ երկրագունդի գիտակից բնակիչը այսչափը գոնէ պէտք է իմանայ։
Զէյթուն թաղամասի ուսանողական հանրակացարանին մէջ, ուր ապրեցանք, նորածին տղաս միակ մանուկն էր ու յարկի բոլոր արտասահմանցի ուսանողներու սիրելին։ Այդպէս, ես ալ դարձայ անոնց բարեկամը։ Անոնց հետ շփումս հալէպեան կարգ մը բարքերու ծանօթանալու առիթ էր։ Աղջիկներէն սորվեցայ «մամունիէ», «նամմուրա»,  նաեւ կարգ մը կերակուրներ պատրաստելու կերպը, առաջին անգամ տեսայ դողդղացող «ժելօն» իբրեւ աղանդեր ու մանուկի մը պէս զարմացայ։ Իմացայ, որ Հալէպը եօթը դռներ ունեցող ճերմակ քաղաք է, որ հոն շատ հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ ու մանաւանդ՝ հայկական թաղամասեր կան, որ արդէն պէտք է արաբերէն սորվիմ, նաեւ արաբ դրացիներուս հետ խօսելու համար։ Արաբական լրագրեր ալ տեսայ ու հիացայ արաբերէն տառերու գեղեցկութեամբ, սակայն արաբագիտութիւնս այդպէս ալ մնաց խիստ աղքատիկ.  ե՞ս, թէ պայմաններս էին մեղաւոր՝ այսօր ալ որոշ չէ ինծի համար։
 Վերջապէս աւարտած էր ամբողջ թղթաբանութիւնը եւ իրաւունք ունէի Սուրիա «հարս երթալու»։ Երեւանի օդակայանին մաքսաւորները ըստ երեւոյթին զարմացած էին, որ միայն երկու ճամպրուկներով «արտասահման» կ’երթայինք։ Այդ տարիներուն մեծ առեւտուրներ
կը կատարուէին Պէյրութ-Հալէպ-Երեւան գիծով։ Այդ առթիւ ամուսնոյս մէկ ազգականին հետ իր վէճը  կը յիշեմ։ Կինը կը համոզէր, թէ ինք կու տայ դրամագլուխը, ամուսինս ապրանք կը բերէ, ինք ալ կը ծախէ ու
կը բաժնուին շահը։ Ուսանողներու մեծ մասը այդպէս կ’ընէ, ո՞ւր է սխալը։ Ամուսինս կտրուկ կը մերժէր մէկ նախադասութեամբ՝ «Ես հայրենիքիս մէջ առեւտուր չե՛մ ըներ»։ Չհաւատացի՛ք։ Իրաւունք ունիք, սակայն զուտ իրականութիւն էր։ Մաքսաւորները եւս իրաւունք ունէին չհաւատալու, քանի որ թէ՛ ուսանողներ, թէ՛ «արտասահման» ազգական ունեցող «ախպարներ» աշխոյժ գործունէութեան մէջ էին՝ Երեւանէն կը տանէին յուշանուէրներ, ազգային արժէք ներկայացնող հին գորգեր ու արծաթէ իրեր, եղան նաեւ «հայրենիքէն» խաչագողութեան դէպքեր եւ այլն (ներեցէք որ լաւատեղեակ չեմ եղած), հոնկէ կը բերէին ճինզ տաբատներ, այլեւայլ հագուստեղէն ու մանաւանդ՝ «հոգեւոր սնունդ»՝ ծամօ՜ն… ։ Երեւանը կը հագուէր ճինզերը, սուղ առնուած աժանագին նորոյթ պլուզները ու ծամօն կը ծամէր։
Հոս չեմ կրնար դիմադրել գայթակղութեան ու չյիշել զաւեշտալի դէպք մը, որ օրին քիչ մտահոգութիւն չպատճառեց ինծի։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան