Պատերազմի մրրիկներէն հազիւ փրկուած սուրիական երկնակամարին տակ, մեր համայնքային կեանքը կը նմանի նաւու մը, որ կը փորձէ դիմագրաւել կատաղի ալիքներ, պահելով մէկտեղ իր կայուն խարիսխը։ Այդ խարիսխը զօրացած է տարիներու նուիրական աշխատանքի ու տքնանքի արդիւնքով, այլեւ ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու առաջնորդող դերակատարութեամբ։
Սուրիահայ երիտասարդութիւնը իր ուսումով, ազգային գիտակցութեամբ, հայկական վարժարաններէն ու միութիւններէն ներս ստացած դաստիարակութեամբ եւ աշխատանքով վաստակած է այդ նաւուն շարժիչ ուժը դառնալու իրաւունքը։
Այսօր, սակայն, երիտասարդութիւնը կը գտնուի ամէնէն խոցելի եւ թիրախաւորուած փուլին մէջ։ Տնտեսական ծանր պայմաններուն, պատերազմին թողած հոգեբանական հետքերուն եւ երկրի սահմանափակ կարելիութիւններուն հետեւանքով, անոր դիմաց բազում դժուարութիւններ կը ծառանան։ Այդուհանդերձ սուրիահայ երիտասարդութեան արարելու եւ գործելու կորովը չէ նուազած։ Ան սրընթաց կը հետեւի արդի ժամանակի գործելաոճին ու մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերելու համար իր կարելին ի գործ կը դնէ, որպէսզի յաջողի ուրուագծել իր կեանքի ուղին, ապագան, իր իսկ ճիգերով։
Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, նեցուկ կանգնելու ենք մեր երիտասարդութեան, որպէսզի եկող տարիներուն ան կարենայ յառաջ տանիլ համայնքային եւ անձնական իր կեանքը ու տագնապալի տարիներուն դրոշմած անորոշութեան մշուշը փարատելով նոր հորիզոններ նուաճէ։
Եթէ այսօր սուրիահայ երիտասարդը չդառնայ մեր ազգային կառոյցներուն կիզակէտը, մենք կը վտանգենք ոչ միայն մեր գաղութին ներկան, այլեւ անոր ապագան։
Մեր միութիւնները պէտք է վերածուին այն առագաստներուն, որոնք համայնքային նաւը վարող երիտասարդը ճիշդ ուղղութեան վրայ պիտի պահեն՝ զայն օժտելով արդիական աշխատանքի միջոցներով։
Թուային գրագիտութիւնը եւ արհեստագիտական հմտութիւնները պէտք է դառնան մեր օրակարգին անբաժան մասը։ Պարտաւոր ենք ստեղծել աշխատանքի առիթներ եւ կամուրջներ, որպէսզի հայ երիտասարդը ստիպուած չըլլայ իր ապագան որոնելու օտար ափերու վրայ։
Տագնապներէ դուրս եկած երկրի մը մէջ երիտասարդը լքուածութեան եւ անորոշութեան զգացումով կը համակուի։ Այս ճեղքէն ներս կը սպրդին «ժամանակակից» դիմակի տակ պահուըտած տարաբնոյթ շարժումներ, որոնք ալեկոծ օրերու ձկնորսներուն կը նմանին։ Անոնք կը զբաղին մարդորսութեամբ, մերթ խոստանալով հոգեկան կեղծ հանդարտութիւն, մերթ՝ աշխատանքի առիթներ, բայց իրականութեան մէջ կը պարպեն հայ երիտասարդին ազգային ներաշխարհը՝ զայն ներքաշելով համաշխարհայնացման այն յորձանուտին մէջ, ուր անհատը կը կորսնցնէ իր պատկանելիութիւնը, արմատն ու ինքնութիւնը։
Հետեւաբար երիտասարդութեան հետ գործելու աւանդական միջոցները բաւարար չեն այլեւս։ Մեր միութիւններն ու կառոյցները պէտք է փոխեն իրենց աշխատելաոճը։ Երիտասարդը պէտք չէ լոկ հանդիսատես կամ հրահանգ կատարող զգայ ինքզինք։ Ան պէտք է ըլլայ ծրագրողն ու գործադրողը։ Մեր ակումբները պէտք է վերածուին արդիական հարթակներու, որպէսզի առողջ մթնոլորտին կողքին, երիտասարդութեան ժամանակակից հայեացքներուն համապատասխանող միջավայրեր հանդիսանան։
Քաջալերելի է այն, որ մեր միութենական յարկերէն ներս սկսած են մասնագիտական վերապատրաստման դասընթացքներ։ Թուային տնտեսութիւնը, ծրագրաւորումը, արհեստական բանականութիւնը եւ հեռավար աշխատանքի հմտութիւնները այն զէնքերն են, որոնք մեր երիտասարդին կարելիութիւն պիտի տան ոչ միայն միութենական թէ համայնքային կեանքը վերանորոգելու, այլեւ իր մասնագիտութիւնը ի գործ դնելով ապրուստը հոգալու՝ երկրի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ անգամ։
Այս տագնապին մէջ մեր եկեղեցին ունի յառաջապահ դերակատարութիւն՝ որպէս հայ երիտասարդին ինքնավստահութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն հաղորդող ազգային կառոյց։ Եկեղեցին պէտք է ներթափանցէ երիտասարդին հոգեմտաւոր աշխարհը՝ դառնալով անոր մտերիմ խորհրդատուն։ Մեր հոգեւոր հայրերը պէտք է քալեն երիտասարդութեան հետ, պատասխանեն անոնց հարցումներուն եւ զրահաւորեն զիրենք Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ազգային-քրիստոնէական արժէքներով։
Սուրիահայ երիտասարդութիւնը ազգային հարստութիւն է եւ վաղուան գոյութեան գրաւականը։ Այսօր զայն մեր ուշադրութեան կիզակէտին պահելը ոչ թէ ընտրութիւն է, այլ հաւաքական պատասխանատուութիւն՝ ամրացնելու անոր ինքնութեան հիմքերը եւ ապահովելու համայնքային նաւուն անվտանգ յառաջխաղացքը դէպի նոր հորիզոններ։