Այսօրուան աշխարհը սոսկ պատերազմներու արհաւիրքով կամ տնտեսական տագնապներու ալեկոծումով չէ որ կը տուայտի. մարդկութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի շատ աւելի նենգ ու քայքայիչ ախտի մը՝ բարոյական արժէքներու սնանկացման։ Արդի աշխարհակարգը, իր նիւթապաշտ ու սպառողական մոլուցքով, կը ջանայ մարդկային էութիւնը պարպել իր ոգեղէն բովանդակութենէն, այլափոխելով եւ բարոյազրկելով զայն։ Սակայն պէտք է խոստովանիլ, թէ այս տագնապը լոկ բարոյախօսական խնդիր մը չէ. անիկա սերտօրէն շաղկապուած է մարդու արժանապատիւ գոյութեան նախապայմաններուն։ Արժէքներու այս խարխլումը յառաջացնողները հմտօրէն կը գործածեն տնտեսական լծակներ՝ հոգեմտաւոր հարստութիւնը մաշեցնելու համար։
Կը ջանան կաղապարել «արդի» մարդու տիպար մը, որուն միակ մտասեւեռումը օրապահիկն է կամ հաճոյքը. էակ մը, որ կը սպառէ՝ առանց արարելու, կ’օգտուի՝ առանց ծառայելու, եւ կþապրի՝ առանց պատկանելիութեան սրբազան գիտակցութեան։ Սակայն պատմութեան էջերը կը վկայեն, որ քաղաքակրթութիւնները ոչ թէ լոկ նիւթով, այլ հոգեկան վսեմութեամբ կանգուն մնացած են։ Ընտանիքը, լեզուն, գիտութիւնն ու հաւատքը եղած են այն անսասան սիւները, որոնց վրայ բարձրացած է մարդկային արժանապատուութեան տաճարը։
Բայց այդ սիւները անխաթար պահելու համար՝ հարկ է ստեղծել գոյատեւման ու զարգացման պատշաճ հող։ Ամենավեհ գաղափարներն իսկ դատապարտուած են մաշումի, եթէ անոնց լոյսին տակ չապահովուի մարդուն արարելու եւ կատարելագործուելու ենթահողը։
Հայ ժողովուրդը իր մշակոյթով ու ստեղծագործական շունչով ուրոյն տեղ մը գրաւած է քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին մէջ։ Մաշտոցեան այբուբենով ու Կոմիտասեան յաւերժական շեշտով հայը մոխիրներէն յառնած ու ծաղկած է։ Ուրեմն, ինչպիսի՞ ենթահող պէտք է պատրաստել, որպէսզի ներկայ պայմաններուն մէջ եւս հասակ առնէ առողջ, ժամանակակից, բայց եւ ազգային աւանդներուն նախանձախնդիր հայ մարդը։
Մեր տոկունութեան գրաւականը կը մնայ երկու սրբազան դարբիններու՝ հայ մօր եւ հայ ուսուցիչին ձեռքերուն մէջ։ Սակայն անարդար է այս ահաւոր պատասխանատուութիւնը բեռնել լոկ անոնց ուսերուն՝ առանց յստակացնելու ազգային հաւաքականութեան ու մեր հաստատութիւններու պարտաւորութիւնները անոնց հանդէպ։
Որպէսզի դաստիարակն ու մտաւորականը կարենան անմնացորդ նուիրուիլ իրենց առաքելութեան, անհրաժեշտ է, որ անոնք նախ եւ առաջ նիւթական հոգերէն զերծ ու գնահատուած ըլլան։ Մտաւոր մշակը չի կրնար սերունդ կերտել, եթէ ստիպուած է օրուան հացի տագնապով մէկէ աւելի գործերու լծուիլ։ Ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել, որ ուսուցիչը ժամանակ կամ կորով գտնէ ինքնազարգացման, եթէ ան ֆիզիքապէս ու հոգեպէս հիւծած է ապրուստի դառն հոգերուն տակ։
Այս ուղղութեամբ մեր կառոյցները պարտին ստանձնել վճռական դերակատարութիւն։ Անոնցմէ կ’ակնկալուի ոչ միայն բարոյական քաջալերանք, այլեւ գործնական նախաձեռնութիւն՝ ապահովելու համար մշակներու բարեկեցիկ կենսամակարդակը։ Էական է նաեւ մեր դաստիարակները օժտել արդի արհեստագիտական միջոցներով, որպէսզի թուային այս դարաշրջանին մէջ մեր կրթութիւնը ըլլայ մրցունակ։
Ուսուցիչները, դաստիարակներն ու մայրերը, իրենց բազում զոհողութիւններուն կողքին, անդուլ կերպով ճոխացնելու են իրենց կրթական ու դաստիարակչական պաշարը՝ միշտ հաղորդ մնալով մեր մշակոյթի եւ հարուստ գրականութեան անմահ ակունքներուն։ Մեր վարժարանները, մշակութային միութիւններն ու յատկապէս Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը, օժտուած են այնպիսի՛ հարուստ գրադարաններով, որոնց փոշոտած էջերուն մէջ իսկ կարելի է գտնել հայ մտքի թռիչքը խթանող, հոգեմտաւոր արժէքները վերլուծող եւ մանկավարժական փորձառութիւնը կատարելագործող բազում գոհարներ ու շահեկան ատաղձ։
Նոյնքան կենսական են պարբերական տեսակցութիւններն ու մտերմիկ զրոյցները՝ կրթական կառոյցներու պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ մտաւորականներուն միջեւ։ Ասոնք ոչ միայն թարմ կը պահեն փոխադարձ յարաբերութիւնները, այլեւ առիթ կու տան միասնաբար խորհելու եւ ձեռք-ձեռքի գործելու՝ ի խնդիր նոր սերունդի պայծառութեան։ Զրուցելու եւ գաղափարներ փոխանակելու մշակոյթը պէտք չէ արհամարհել, որովհետեւ երկխօսութեան մէջ է, որ կը ծնի ճշմարտութիւնը։
Արժէքներու պահպանումը, վերջապէս, հաւաքական ներդրում
կը պահանջէ։ Երբ նիւթական կարողութիւնն ու հոգեմտաւոր լոյսը միախմբուին, այն ատեն միայն կրնանք երաշխաւորել մեր ինքնութեան անսասանութիւնը եւ սրբազան աւանդներու փոխանցումը յաջորդող սերունդներուն։
Ձեր տօնը շնորհաւոր ըլլայ, սիրելի՛ մայրեր եւ ուսուցիչներ։