Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած պատերազմը թեւակոխած է որակական նոր եւ վտանգաւոր փուլ մը, ուր զէնքերու ձայնին կը միանայ տնտեսական մահացու հարուածը։ Հորմուզի նեղուցի փակումը եւ «Քաթար Էներժի» ընկերութեան կողմէ կազի արտադրութեան դադրեցման յայտարարութիւնը՝ «Անյաղթահարելի Ուժի» (Force Majeure) հիմնաւորումով, համաշխարհային շուկան կը դնեն աննախադէպ փոթորիկի մը առջեւ։
Հորմուզի նեղուցը աշխարհաքաղաքական, տնտեսական ու ռազմական մեծ նշանակութիւն ունեցող ծովային անցք է, որ կը գտնուի Իրանի հարաւային կողմը,
կը կապէ Արաբական եւ Օմանի ծոցերը, հետեւաբար նաեւ Հնդկական ովկիանոսը։ Այս նեղուցը աշխարհի քարիւղային շնչերակն է, քանի որ անկէ օրական կ’անցնի շուրջ քսանմէկ միլիոն տակառ քարիւղ, այսինքն աշխարհի սպառողական քարիւղի 20-25%-ը։ Նեղուցէն կ’անցնի նաեւ աշխարհի տարածքին վաճառուող, առաւելաբար  Քաթարէն հասնող բնական կազի 20%-ը։ Եթէ վտանգուի Հորմուզի նեղուցէն անցնող նաւերու բնականոն շարժումը, Չինաստանը եւ Բրիտանիան եւս պիտի մտնեն խաղի մէջ, քանի որ Իրանի քարիւղը առաւելաբար Չինաստան կ’արտածուի, հետեւաբար քարիւղի քանակի նուազումը եւ գինի բարձրացումը պիտի անհանգստացնեն Չինաստանը։ Իսկ Մեծն Բրիտանիան, որպէս համաշխարհային քարիւղային շուկայի հիմնական դերակատարներէն մին, ներգրաւուած է Հորմուզի նեղուցով անցնող առեւտրային եւ ռազմավարական գործընթացներուն մէջ։ Հորմուզի նեղուցը թէեւ ներկայիս դարձած է Իրանի խաղաքարտը, սակայն ան վտանգաւոր է նաեւ Իրանի համար։
Եթէ Իրան որոշէ վերջնականապէս փակել Հորմուզի նեղուցը, հարուածած կ’ըլլայ աշխարհի քարիւղի մատակարարման շուրջ 20-25%-ին, իսկ Քաթարի անապահովութեան հետեւանքով կազի արտադրութեան դադրեցման որոշումը ուղղակի թիրախ կը դարձնէ հեղուկ կազի (LNG) շուկան։ Այս երկուքին զուգադիպութիւնը կը նշանակէ, որ համաշխարհային ուժանիւթային համակարգը կը կորսնցնէ իր հիմնական շնչերակները։ Կարճ ժամանակի վրայ ասիկա կրնայ յառաջացնել գիներու կտրուկ եւ անվերահսկելի աճ (հաւանաբար աւելի քան 66-67%)։
Այս նեղուցը չունի «ցամաքային այլընտրանք»։ Սէուտական Արաբիոյ կամ Էմիրութիւններու քարիւղատար խողովակաշարերը կրնան փոխարինել քարիւղի քանակի միայն մէկ փոքր մասը։
Այստեղ հարց կը յառաջանայ. ռուսական կազը, թէկուզ ժամանակաւորապէս, կրնա՞յ փոխարինել Քաթարի բացը, յատկապէս Եւրոպայի համար։
Ռուսիան ունի աշխարհի ամենամեծ կազի պահեստները եւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող խողովակաշարերու ցանց դէպի Եւրոպա։ Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք ստեղծուած պատժամիջոցները եւ քաղաքական լարուածութիւնը, սակայն, գրեթէ անկարելի կը դարձնեն ռուսական կազին ուղղակի վերադարձը եւրոպական շուկայ։
Քաթարի մատակարարածը հեղուկ կազ (LNG) է, որ կը փոխադրուի նաւերով, մինչդեռ ռուսական հիմնական արտադրութիւնը խողովակաշարային կազ է։ Այս երկուքին ենթակառոյցները տարբեր են, հետեւաբար արագ փոխարինումը թեքնիք առումով ալ բարդ հարց է։
Միտք բանին՝ ռուսական կազը չի կրնար ամբողջութեամբ փոխարինել Քաթարի կազը, քանի դեռ առկայ են քաղաքական արգելքներ։ Այս վիճակը Եւրոպան կը դնէ իսկական փակուղիի դիմաց, քանի որ կազի արտադրութեան կասեցումը մէկ կողմէ կը նշանակէ ելեկտրական ուժանիւթի տագնապ, միւս կողմէ՝ ծանր արդիւնաբերութեան հարուած, յատկապէս ձմռան ցուրտ օրերուն, երբ կազի եւ քարիւղի նկատառելի պահեստը
կը յատկացուի ջերմութեան ապահովման։
Այլ գետնի վրայ, Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ Ճափոնը, որոնք կախեալ են այս տարածաշրջանի ուժանիւթէն, պիտի ստիպուին օգտագործել իրենց ռազմավարական պահեստները։ Սակայն ասիկա միայն ժամանակաւոր լուծում է։ Անցքի փակման իւրաքանչիւր օր, միլիոնաւոր վնասներ կը կրեն Եւրոպան եւ Ասիան։ Քաթարի կազը (որ ամսական շուրջ 7 միլիոն թոն է) չհասնելու պարագային, համաշխարհային շուկան
չի կրնար գտնել այլընտրանքային բաւարար քանակ, որ կարենայ գոցել այդ հսկայ բացը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ ամերիկեան պատերազմական նաւերը պիտի ընկերակցին քարիւղատար եւ կազատար նաւերուն՝ ապահովելու համար անոնց անցքը Հորմուզի նեղուցէն, որպէսզի Իրանի հրթիռներու թիրախ չդառնան։ Սակայն զինուորական ներկայութիւնը միայն ապահովութեան հարց կը լուծէ. ան չի կրնար ստիպել Քաթարը վերսկսելու արտադրութիւնը, եթէ երկիրը պաշտօնապէս յայտարարած է «Անյաղթահարելի Ուժի» (Force Majeure)  մասին։ Force Majeure-ը իրաւական քայլ է, որով ընկերութիւնը կը ձերբազատի պայմանագրային պարտաւորութիւններէ՝ առանց տուգանքի։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Քաթար կը նա-խատեսէ երկարատեւ, ոչ թէ պարզապէս քանի մը օրուան կազի արտադրութեան դադրեցում։
Թէեւ Սուրիան ուղղակիօրէն Քաթարէն կազ չի ներածեր խողովակաշարերով, սակայն Քաթարի «Անյաղթահարելի Ուժի» յայտարարութիւնը կրնայ անուղղակի հարուած հասցնել երկրին։ Սուրիա Յորդանանի ճամբով Եգիպտոսէն կը ներածէ կազը։ Վերջինս թէեւ կազ կը մատակարարէ այս տարածաշրջանին, ինք եւս երբեմն կազ կը ներածէ (կամ կը փոխանակէ) միջազգային շուկայէն։ Եթէ համաշխարհային շուկային մէջ Քաթարի պատճառով կազի տագնապ յառաջանայ, Եգիպտոս կրնայ նախապատուութիւնը տալ իր ներքին սպառման կամ աւելի բարձր գինով արտահանման, ինչ որ կրնայ նուազեցնել Սուրիա հասնող քանակը։
Ամէն պարագայի կազի միջազգային գինի բարձրացումը պիտի ազդէ բոլոր երկիրներուն վրայ՝ սղաճ յառաջացնելով յատկապէս փոխադրութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ։
Յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան վճռորոշ։ Եթէ միջազգային դիւանագիտութիւնը չյաջողի բաց պահել ուժանիւթային անցքերը եւ հանդարտեցնել տարածաշրջանը, աշխարհը պիտի մտնէ երկարատեւ եւ մութ տնտեսական ճգնաժամի մը մէջ։ Արդիւնաբերական ոլորտի վնասները, ձմեռնային ջեռուցման հարցերը եւ գիներու անկասելի աճը կրնան վերաձեւաւորել համաշխարհային տնտեսական քարտէզը։
«Գ.»