Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց լրումին հասնելու համար ժամանակի կը կարօտին։ Այս ընտրութիւնները կու գան նախկին համակարգի փլուզումէն ետք, կը կրեն նոր ոճ եւ ձեւ, որոնց համար իշխանութիւնները կը հաւաստիացնեն, որ անցումային այս փուլին կիրարկուող լաւագոյն միջոցն է եւ կ’երաշխաւորէ Սուրիոյ ժողովուրդի տարբեր բաղադրիչներու ներկայացուած ըլլալու հանգամանքը։
Նախորդ տարուան աւարտին, ընտրական մարմիններու գործունէութեան միայն առաջին փուլը լրումին հասած էր։ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան եւ հարաւային շրջաններուն մէջ կարելի չէր եղած կազմել ընտրական մարմիններ, որոնց ճամբով ալ, ըստ նորամշակ սահմանադրութեան դրոյթներուն, ընտրել խորհրդարանի թեկնածուներ։
Սուրիոյ հիւսիսարեւելան շրջաններուն մէջ պետութեան եւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն միջեւ համապարփակ համաձայնութիւն ստորագրուեցաւ։ Ու թէեւ այդ համաձայնութիւնը ճամբայ ունի հարթելու, որպէսզի վերջ դնէ  զգայնութիւններուն, Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Բարձրագոյն Յանձնաժողովը յայտարարեց, որ այդ շրջաններուն համար ընտրական մարմիններ որոշուած են եւ ընտրութիւնները ընթացք պիտի առնեն այնտեղ եւս։
Սահմանադրութեան համաձայն, խորհրդարանի եօթանասուն անդամներ պիտի նշանակէ երկրի նախագահը՝ մասնագիտական ներուժի ապահովման համար։ Այս հանգամանքը պէտք է պահէ սակայն, խորհրդարանի անկախութիւնը գործադիր իշխանութենէն։
Երկրէն ներս արձանագրուող զարգացումները կը յուշեն, որ ընտրական գործընթացը իր լրումին պիտի հասնի միայն այն ատեն, երբ երկրի ողջ տարածքին խաղաղութիւն հաստատուի՝ ժողովուրդի բոլոր խաւերու գործուն մասնակցութեամբ։ Այս պարագային, խորհրդարանը
կը դառնայ քաղաքական հարթակ, ուր զէնքերու փոխարէն կը խօսին երկրին ու ժողովուրդին շահերը։
Եթէ Սուրիոյ խորհրդարանի ընտրութիւնը իր լրումին հասնի, կայունութիւնը պարզապէս կարգախօս չի մնար, այլ կը դառնայ իրականութիւն։ Խորհրդարանի ընտրութիւնը
կը դառնայ այն կարեւոր քայլը, որ Սուրիան կ’առաջնորդէ ակնկալուող միասնութեան։
Ու որքան ուժեղ եւ միասնական ըլլայ երկրի ներքին օրէնսդիր մարմինը, այնքան աւելի կը սահմանափակուի արտաքին ուժերուն միջամտութիւնը Սուրիոյ ներքին հարցերուն։